Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զելենսքի «Քսաններու Խմբակ»-ի Վեհաժողովին Ներկայացուցած Է Խաղաղութեան Հաստատման Համար 10 Պայման. Ռուսիան Զանոնք «Անիրատեսական» Որակած Է

Նոյեմբեր 16, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի «Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ընթացքին ներկայացուցած է տագնապի լուծման համար խաղաղութեան բանաձեւի 10 պայմաններ: Այս մասին կը գրէ «Կազեթա»-ն:

«Կայ խաղաղութեան ուքրանական բանաձեւ: Խաղաղութիւն Ուքրանիոյ, Եւրոպայի եւ աշխարհի համար: Եւ կան շարք մը լուծումներ, որոնք կրնան իրականացուիլ` իսկապէս խաղաղութիւնը երաշխաւորելու համար: Մասնակցելով «Քսաններու խմբակի» վեհաժողովին` ես ներկայացուցած եմ նման որոշումներու առաջարկներ` որոշակի եւ ազնիւ», ըսած է Զելենսքի:

«Եթէ Ռուսիան կ՛ըսէ, որ կ՛ուզէ վերջ տալ այս պատերազմին, թող ատիկա ապացուցէ գործողութիւններով», ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը:

Զելենսքի «Քսաններու խմբակի» քննարկման համար ներկայացուցած է խաղաղութեան հաստատման համար անհրաժեշտ հետեւեալ 10 պայմանները. ճառագայթային եւ հիւլէական անվտանգութիւն, պարենային անվտանգութիւն, ուժանիւթային անվտանգութիւն, բոլոր գերիներու եւ տեղահանուածներու ազատ արձակում, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան կեանքի կոչում եւ տարածքային ամբողջականութեան ու աշխարհակարգի վերականգնում, ռուսական զօրքերու դուրսբերում եւ զինուորական գործողութիւններու դադրեցում, արդարութեան վերականգնում, կենսոլորտի ցեղասպանութեան դէմ հակազդում, մագլցումի կանխարգիլում, մարտական գործողութիւններու աւարտի ճշդում:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, որ կը ներկայացնէ Ռուսիան «Քսաններու խմբակ»-ի վեհաժողովին մէջ, Զելենսքիի յայտարարութիւնները կոչած է «անիրատեսական» եւ «ոչ պատշաճ»: Միեւնոյն ժամանակ ան Ուքրանիոյ ղեկավարին արտասանած խօսքը նկատած է «շատ հետաքրքրական»:

«Անոր խօսքէն ես կատարեցի միայն մէկ եզրակացութիւն, որ ան տակաւին չի լսեր արեւմտեան խորհրդականներուն խօսքերը», ըսած է Լաւրով:

Անոր կարծիքով` Զելենսքիի խօսքը «ռազմատենչ հռետորաբանութիւն էր, յարձակողական, ռուսատեաց»:

«Մենք նախագահի բերանով բազմիցս հաստատած ենք, որ չենք հրաժարիր բանակցութիւններէն, եթէ կայ որեւէ մէկը, որ կը հրաժարի, ապա ատիկա Ուքրանիան է: Եւ որքան ան հրաժարի, այնքան աւելի դժուար պիտի ըլլայ համաձայնիլ», կարծիք յայտնած է Լաւրով:

Նախորդը

«Մոսկուան «Ուշադիր Կը Հետեւի» Ամէնէն Մօտ Դաշնակիցներու` ՄԱԿ-ի Մէջ Քուէարկութեան» Կ՛ըսէ Փեսքով

Յաջորդը

Պաքուի Մէջ Իրանի Դեսպանատան Մօտ Բողոքի Ցոյց Կատարող Գործիչները Բերման Ենթարկուած Են

RelatedPosts

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը
Միջազգային

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Քրեմլին. «Մոսկուան Տակաւին Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?