Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքերը Եւրոպայի Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութենէն Զրկուելու Ռիսքին Կը Դիմեն

Նոյեմբեր 16, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նեպահաթ Աքքոչ կ՛ըսէ, որ իր կեանքը նորէն սկսած է, երբ 2000 թուականին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը որոշում տուած է, որ ինք Թուրքիոյ մէջ կալանքի տակ գտնուելուն ժամանակ խոշտանգումներու ենթարկուած է, ինչ որ իրեն եւ ուրիշներուն կիներու իրաւունքներու համար պայքարը շարունակելու համարձակութիւն տուած է: Այս մասին կը գրէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Այժմ ան մտավախութիւն ունի, որ թուրքերը կրնան զրկուիլ այդ պաշտպանութենէն, որովհետեւ Թուրքիան Եւրոպական խորհուրդէն` մարդու իրաւունքներու յառաջատար մարմինէն վտարուելու վտանգին տակ է, որովհետեւ չէ կատարած բանտարկուած գործարար եւ բարերար Օսման Քաւալան ազատ արձակելու Եւրոպական դատարանի 2019 թուականի որոշումը:

Փորձագէտները կ՛ըսեն, որ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու յանձնախումբը Անգարայի դէմ ներկայացուցած է դատական հայց, որ մինչեւ հիմա ընդգծած է երկխօսութեան կարեւորութիւնը, սակայն, ի վերջոյ, կրնայ յանգեցնել Թուրքիոյ անդամակցութեան կասեցման:

Պատասխանելով հաւանական քայլերու մասին հարցումին` Եւրոպական խորհուրդի ներկայացուցիչը ըսած է, որ յանձնախումբը պէտք է որոշէ ատոնց գործադրման քայլերն ու ժամկէտները:

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) տուեալները ցոյց կու տան, որ 1959-2021 թուականներուն Թուրքիոյ դէմ արձակուած են 3820 վճիռներ, որոնցմէ 3385-ը կը ներառէ մարդու իրաւունքներու առնուազն մէկ խախտում, ինչ որ բոլոր երկիրներու շարքին բարձրագոյն ցուցանիշն է: Թուրքիան ունի 46 անդամ պետութիւններէն մեծագոյն բնակչութիւնը եւ հռչակագիրը այդ երկիրներու շատերէն առաջ ստորագրած է:

Ասիկա անդամ պետութեան դէմ յարուցուած 2-րդ գործն է: Նախորդ պարագային Ազրպէյճանը ի վերջոյ կատարած էր որոշումը:

Փորձագէտները կ՛ըսեն, որ Թուրքիան կարելի չէ կազմակերպութենէն դուրս դնել, որովհետեւ ատիկա 85 միլիոն քաղաքացիներ պիտի զրկէ հազարաւորներու հատուցում ապահովող մեքանիզմէ:

«Յոյսով եմ, որ Եւրոպական խորհուրդը վերջին հարուածը պիտի չհասցնէ», ըսած է կիներու իրաւունքներու յայտնի պաշտպան Աքքոչ: «Ես յոյսով եմ, որ (թրքական) իշխանութիւնները կը կատարեն ՄԻԵԴ-ի վճիռները, եւ մենք ամբողջովին անջատուած չենք ըլլար արեւմտեան աշխարհէն»:

Եւրոպական խորհուրդի ներկայացուցիչին համաձայն, Թուրքիան 8 նոյեմբերի դրութեամբ տակաւին պէտք է ամբողջութեամբ կատարէ 521 որոշում եւ ՄԻԵԴ-ի որոշումը, որոնց շարքին` 136 «յառաջատար» գործեր, որոնք յաճախ կը վերաբերին նոր կառուցուածքային կամ համակարգային խնդիրներուն:

Քաւալայի գործը քննադատութեան արժանացած է Թուրքիոյ արեւմտեան դաշնակիցներուն կողմէ` առնչուած քաղաքականացուած դատական համակարգին հետ: Յանձնախումբը նաեւ բազմիցս կոչ ուղղած է ազատ արձակելու քրտամէտ քաղաքական գործիչ Սելահաթթին Տեմիրթաշը:

Եւրոպական խորհուրդի ներկայացուցիչը ըսած է, որ Եւրոպական խորհուրդի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները «բազմիցս ընդգծած են» ՄԻԵԴ-ի որոշումները գործադրելու անդամ երկիրներու «պարտադիր պարտաւորութիւնը»:

Նախորդը

Ուաշինկթընն Ու Պաքուն Կը Պատրաստուին Երկկողմանի Համագործակցութեան Փաստաթուղթեր Ստորագրելու

Յաջորդը

Փենթակոնի Նախկին Պաշտօնատար Մայքըլ Ռուպին Կոչ Կ՛ուղղէ` Թուրքիան Իբրեւ Ահաբեկչութեան Հովանաւոր Ճանչնալու

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?