Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընն ու Պրիւքսելը Մերժած Են Անդրատլանտեան Առեւտրական Բանակցութիւնները Վերսկսելու Պերլինի

November 17, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու հետ առեւտրական պատերազմի ուրուականը կը վախցնէ եւրոպացի ղեկավարները, սակայն Ատլանտեան ովկիանոսի երկու կողմի պաշտօնեաները ցնցուած են Օլաֆ Շոլցի մղձաւանջային առաջարկէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ»-ն:

Գերմանիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչը Եւրոպական Միութեան առաջարկած է վերսկսիլ Ուաշինկթընի հետ պաշտօնական առեւտրական բանակցութիւններուն` փորձելով լուծել նախագահ Ճօ Պայտընի այսպէս կոչուած «Գնէ ամերիկեանը» բարեփոխումներուն շուրջ աճող լարուածութիւնը:

Առաջարկը, սակայն, տագնապ յառաջացուցած է Պրիւքսելի մէջ եւ չէ տպաւորած Ուաշինկթընը: Նման գործարք (Անդրատլանտեան առեւտրաներդրումային գործընկերութիւն) կնքելու վերջին փորձը ձախողութեան մատնուած է երեք տարուան տանջալից բանակցութիւններէ ետք` Գերմանիոյ մէջ ընդդիմութեան եւ Տանըլտ Թրամփի հակազդեցութեան պայմաններուն մէջ:

2013-2016 թուականներու բանակցութիւնները մտավախութիւն յառաջացուցած են, որ Եւրոպական Միութեան շուկան ողողուած պիտի ըլլայ քլորացուած հաւով, աշխատողներու իրաւունքները պիտի խաթարուին, իսկ պետական առողջապահական ծառայութիւնները պիտի բացուին ամերիկեան ընկերութիւններուն համար:

Եւրոպական յանձնախումբի ներկայացուցիչը փակուղիի մէջ գտնուող բանակցութիւնները վերսկսելու Գերմանիոյ առաջարկին վերաբերեալ մեկնաբանութեան խնդրանքին ուղիղ պատասխանած է. «Օրակարգին վրայ ԹԹԻՓ-ի բանակցութիւններու վերականգնում չկայ»:

Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու առեւտրական ներկայացուցիչի գրասենեակը նոյնպէս հրաժարած է մասնակցիլ գերմանական գաղափարին: Անոր ներկայացուցիչը ըսած է, որ այժմ հիմնական ուշադրութիւնը կը դարձուի Առեւտուրի եւ ճարտարագիտութիւններու խորհուրդի օգտագործման «մեր անդրատլանտեան դաշնակիցներու, ներառեալ Գերմանիոյ հետ մեր առեւտրական ներգրաւուածութիւնը ամրապնդելու եւ խորացնելու համար»:

Ատլանտեան ովկիանոսի երկու կողմերուն մէջ մերժումը հարուած պիտի ըլլայ Պերլինին, որ կ՛ենթադրէր, որ Պրիւքսելը արագօրէն պիտի մտնէ Ուաշինկթընի հետ վերսկսած բանակցութիւններուն մէջ: Ատիկա որոշում մըն էր, որ Գերմանիոյ ելեւմուտքի նախարար Քրիսթիան Լինտներ ամիսներ շարունակ կը պաշտպանէր:

Առեւտրական բանակցութիւններու վերսկսման մասին Գերմանիոյ յայտարարութիւնը հեգնական է, որովհետեւ Պերլինի, յատկապէս Շոլցի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական աջակցութեան բացակայութիւնը 2016-ին ԹԹԻՓ-ի առեւտրական բանակցութիւններու տապալման հիմնական գործօնը դարձած է:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի Նախարարութեան Համաձայն. Ռուսիան Այլեւս Կարելի Չէ Նկատել Շուկայական Տնտեսութիւն Ունեցող Երկիր

Յաջորդը

Քոնկրեսականներ Կոչ Կ՛ուղղեն Սահմանափակելու Թուրքիոյ «Էֆ-16» Հալածիչներու Վաճառքը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.