Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսականներ Կոչ Կ՛ուղղեն Սահմանափակելու Թուրքիոյ «Էֆ-16» Հալածիչներու Վաճառքը

November 17, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան երկու կուսակցութիւններու աւելի քան 20 քոնկրեսականներ Քոնկրեսին կոչ ուղղած են 2023 ելեւմտական տարուան Ազգային պաշտպանութեան լիազօրման օրէնքի վերջնական տարբերակին մէջ պահպանելու Ներկայացուցիչներու տան թիւ 1271 կէտը, որ կը սահմանափակէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի կարելիութիւնները` կեանքի կոչելու Թուրքիոյ «ԷՖ-16» հալածիչներ եւ արդիականացման սարքաւորումներ փոխանցելու մտադրութիւնը:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբն ու անոր #NoJetsForTurkey դաշինքի գործընկերները վճռականօրէն կ՛աջակցին այս արշաւին:

«Ամերիկահայերը կը միանան Քոնկրեսի մեր ընկերներուն եւ յոյն, հինտու, քիւրտ, հրեայ, քրիստոնեայ եւ այլ գործընկերներուն` ընդգծելով Թուրքիոյ «ԷՖ-16»-ներու վաճառքի կամ փոխանցման խելամիտ արգելքներու հրատապութիւնը: Անիկա երկիր է, որ կանոնաւոր եւ բացայայտ կերպով կը տեղակայէ Միացեալ Նահանգներու զէնքերը ընդդէմ Ամերիկայի դաշնակիցներուն: Մենք յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք քոնկրեսական Քրիս Փափփասին` նման անխոհեմ վաճառքի նկատմամբ ողջմիտ սահմանափակումներ կիրարկելու շուրջ լայն փոխհամաձայնութիւն ստեղծելու իր սկզբունքային, հզօր առաջնորդութեան համար», ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

Քոնկրեսական Փափփասի նամակի համահեղինակները կը նշեն, որ պէտք է համոզուիլ, որ ամերիկեան զէնքը պիտի չօգտագործուի ՕԹԱՆ-ի մէջ ռազմատենչ գործողութիւններու համար:

Նամակին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիան իր «ԷՖ-16» հալածիչները բազմիցս օգտագործած է Յունաստանի գերիշխանութիւնն ու օդային տարածքը խախտելու համար` կասկածի տակ դնելով ՕԹԱՆ-ի միասնականութիւնը:

Յուլիսին թիւ 1271 կէտի քննարկման ժամանակ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը եւ #NoJetsForTurkey դաշինքը քարոզչական գործունէութիւն կը կատարէին: Բանաձեւին թեր արտայայտուած է 244 քոնկրեսական, դէմ` 179 քոնկրեսական:

Էրտողան. «Պայտընի Վարչակազմը Մտադիր Է
«
Էֆ-16» Վաճառել Թուրքիոյ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը դրական տրամադրուած է Թուրքիոյ «ԷՖ-16» հալածիչներ վաճառելու հարցին մէջ: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը դուրս բերած էր «ԷՖ-16» հալածիչներու հարցով Թուրքիոյ հետ գործարքի վերաբերեալ օրինագիծի իր տարբերակին մէջ սահմանափակող պայմանները:

Սահմանափակումները մտցուած էին, երբ Թուրքիան ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնած էր:

Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգներ պաշտօնական ծանուցում ուղարկած են Թուրքիոյ` «ԷՖ-35» նորագոյն հալածիչներու մատակարարման ծրագիրէն զինք հեռացնելու մասին:

 

Նախորդը

Ուաշինկթընն ու Պրիւքսելը Մերժած Են Անդրատլանտեան Առեւտրական Բանակցութիւնները Վերսկսելու Պերլինի

Յաջորդը

Թրամփ Պաշտօնապէս Յայտարարած Է 2024-ի Նախագահական Ընտրութիւններուն Մասնակցելու Մասին

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.