«Քոմերսանթ»-ին յայտնի դարձած է, որ երէկ Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են ռուսական եւ ամերիկեան պատուիրակութիւններու միջեւ: Ռուսական կողմէն Անգարա մեկնած է Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին:
Այս հանդիպումին մասին նախապէս հրապարակաւ չէ յայտարարուած: Աղբիւրը առայժմ կը հրաժարի բանակցութիւններու մանրամասնութիւնները յայտնել:
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ ո՛չ կրնայ հաստատել, ո՛չ ալ կրնայ հերքել Անգարայի մէջ բանակցութիւններու մասին տեղեկատուութիւնը:
Վերջին անգամ ռուսական եւ ամերիկեան պատուիրակութիւնները հանդիպած են այս տարուան 10 յունուարին` Ժընեւի մէջ անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ բանակցութիւններու համար: Յունուարեան բանակցային հոլովոյթի գործնական արդիւնքներու բացակայութիւնը յաճախ կը նկատուի իբրեւ Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու բռնկման դիւանագիտական նախադրեալ: