Թուրքիան Կ՛ուսումնասիրէ Իսրայէլի Դէմ Միջազգային Քրէական Դատարանին Մէջ Հայց Ներկայացնելու Հարցը
Թուրքիան կ՛ուսումնասիրէ Միջազգային քրէական դատարան դիմելու կարելիութիւնը` նպատակ ունենալով Իսրայէլը զինուորական յանցագործ յայտարարելու դատավարութիւն նախաձեռնել` Կազայի մէջ վերջինիս կատարած գործողութիւններուն համար: Աշխատանքը կը կատարուի Լա Հէյի դատարանի կառոյցներուն միջոցով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ենի Շաֆաք»-ը: Թրքական օրաթերթին տուեալներով` Միջազգային քրէական դատարան դիմելու հարցը քննարկուած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գործադիր կոմիտէի 7 նոյեմբերի նիստի ընթացքին` նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի...




















