Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երէկ Իսրայէլի նկատմամբ զայրոյթը մեղմացնելու փորձով մը այցելեց Անգարա, ուր հանդիպում ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ:
Անոնք շուրջ 2,5 ժամ տեւողութեամբ դէմ առ դէմ եւ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ հանդիպում ունեցան:
Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը 7 հոկտեմբերին Իսրայէլի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումին միջեւ բախումներու սկիզբէն ի վեր առաջինն էր:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան պետը կշտամբելու ցուցական քայլով մը երէկ այցելեց Թուրքիոյ հիւսիսարեւելեան հեռաւոր շրջան մը:
Պլինքըն Ֆիտանի հետ հանդիպումի աւարտին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն հեռացաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Ան կիրակի օր անակնկալ կերպով Այսրյորդանան այցելելէ ետք մեկնած էր Կիպրոս, ուր հանդիպում ունեցած էր Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Քրիսթոտուլիտիսի հետ, ապա Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատ, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Սուտանիի հետ: Ան Անգարա այցելելով եզրափակեց իր միջինարեւելեան շրջապտոյտը:
Պլինքըն Անգարայէն ետք պիտի այցելէ Թոքիօ, Սէուլ եւ Նիւ Տելհի:
Ան աւելի ուշ յայտնեց. «Թուրք պաշտօնակիցիս հետ քննարկեցի Կազայի մէջ ճգնաժամը եւ տագնապի տարողութեան ընդլայնումէն խուսափումը»:
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Թեհրանի մէջ Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Սուտանիի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Իսրայէլին աջակցող բոլոր պետութիւնները մեղսակից են պաղեստինցիներուն դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն:
«Բոլոր անոնք, որոնք կ՛աջակցին Իսրայէլին, մեղսակից են յանցագործութիւններուն», ընդգծած է Ռայիսի:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը, ներառեալ զէնքի մատակարարումներու տեսքով, «Իսրայէլը կը քաջալերէ պաղեստինցիներուն դէմ ջարդեր գործելու»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի, անդրադառնալով Իսրայէլի ժառանգութեան նախարար Ամիհայ Իլիահուի` Կազայի պաղեստինցի բնակիչներուն դէմ հիւլէական ռումբ օգտագործելու յայտարարութեան, յայտնեց. «Այս սպառնալիքը ամբողջ աշխարհին ուղղուած վտանգաւոր զգուշացում մըն է»:
«Կազայի մէջ վերջին օրերուն պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ սիոնական գոյացութեան կիրարկած անսահման վայրագութիւնը, իսրայէլեան կառավարութեան անդամ նախարարի մը կողմէ հիւլէական ռումբ օգտագործելու սպառնալիքին կողքին պէտք է ամբողջ աշխարհի մէջ ահազանգ հնչեցնէ», ըսաւ Քենաանի:
«Միջազգային ընտանիքը անմիջապէս պէտք է շարժի դիմակայելու այս ֆաշական եւ ցեղապաշտ սիոնական գոյացութիւնը եւ հաշուետուութեան ենթարկելու անոր աջակցողները», ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` «վճռականութեամբ դիմակայելու բռնութեան, ատելութեան եւ ցեղապաշտութեան խօսքը»:
Նախարարութիւնը իսրայէլացի նախարարին հիւլէական ռումբ օգտագործելու կոչը նկատեց «իսրայէլեան կառավարութեան մէջ որոշում տուող շարք մը անձերու շեղումի եւ ծայրայեղութեան տարողութեան փաստ»: «Աշխարհը կը խօսի հիւլէական զէնքէն ձերբազատելու եւ անոր վտանգներուն մասին, իսկ ոմանք ծարաւ են յաւելեալ քանդումի եւ սպանութեան», նշեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները բուռն կերպով դատապարտեցին Կազայի դէմ հիւլէական ռումբ օգտագործելու իսրայէլացի նախարարին յայտարարութիւնը:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել Պրիւքսելի մէջ միութեան դեսպաններու խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարեց. «Միջին Արեւելքի մէջ ծաւալող ողբերգութիւնը հաւաքական քաղաքական եւ բարոյական ձախողութեան հետեւանքն է, որուն համար կը վճարեն իսրայէլացիներն ու պաղեստինցիները: Այդ գինը պիտի շարունակէ բարձրանալ»:
Պորելի կարծիքով` այդ ձախողութեան յանգեցուցած է միջինարեւելեան ճգնաժամի լուծման հարցին մէջ կամքի անբաւարարութիւնը:
Եւրոպական դիւանագիտութեան պետը ընդգծած է. «Ասիկա վերջին կարելիութիւնն է, եթէ մենք յաջողութեան չհասնինք երկու պետութեան համակեցութեան հիման վրայ հաստատուելիք լուծման հարցին մէջ, ապա մենք երկար ժամանակ պիտի յայտնուինք բռնութեան եւ փոխադարձ ատելութեան պարոյրին մէջ»:
Յորդանանի վարչապետ Պեշար Խասաուինա երէկ յայտարարեց. «Պաղեստինցիները տեղահանելու որեւէ փորձ կարմիր գիծ մըն է եւ պատերազմի յայտարարութիւն պիտի նկատուի»:
«Մեզի համար Կազայի վրայ յարձակումին առնչուած աստիճանական դիրքորոշման ծիրին մէջ բոլոր տարբերակները սեղանին վրայ են», աւելցուց ան:
Մինչ այդ, Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ կիրակի օր Սէուտական Արաբիոյ հրաւէրով Ռիատի մէջ արտակարգ ժողով մը պիտի գումարէ` քննարկելու համար Պաղեստինի կացութիւնը:
«Նիւ Եորք Թայմզ» հաղորդեց, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը շրջանային գործընկերներու, ներառեալ Թուրքիոյ ճամբով Թեհրանի եւ Հըզպալլայի ուղղած է այն պատգամը, թէ Միացեալ Նահանգներ մտադիր են զինուորական գետնի վրայ միջամտելու, եթէ անոնք Իսրայէլի վրայ յարձակում շղթայազերծեն:
Պաշտօնատարները օրաթերթին յայտնած են, որ Ուաշինկթըն այդ պատգամը յստակ կերպով ուղղած է` վստահեցնելով, որ Հըզպալլայի եւ Իրանի դէմ զինուորական միջամտութիւն պիտի կատարէ եւ զանոնք հարուածէ, եթէ անոնք Իսրայէլի վրայ յարձակում գործեն:
Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու կեդրոնական հրամանատարութիւնը «Էքս»-ի վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ յայտնեց, որ Միջին Արեւելք ուղարկած է «Օհայօ» դասի հիւլէական սուզանաւ:
«5 նոյեմբեր 2023-ին «Օհայօ» դասի հիւլէական սուզանաւը հասած է Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հրամանատարութեան պատասխանատուութեան գօտի», յայտնած է հրամանատարութիւնը:
Միացեալ Նահանգներ նախապէս երկու օդանաւակիրներ ուղարկած էր արեւելեան Միջերկրական:
Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը պատասխանատու է ամերիկեան զօրքերու Միջին Արեւելքի, Արեւելեան Ափրիկէի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ գործողութիւններու ծրագրաւորման եւ կառավարման: Հրամանատարութեան կեդրոնը 2002 թուականէն ի վեր կը գտնուի Տոհայի մօտ գտնուող Ուտէյտ օդուժի ռազմակայանին մէջ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ Ռիզէ նահանգին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Կազայի մէջ ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ տեղի ունեցող խաղաղ բնակչութեան կոտորածը պէտք է անյապաղ դադրեցուի:
«Մեր պարտքն է փրկել մեր պաղեստինցի եղբայրները իսրայէլեան ճնշումներէն եւ դադրեցնել Կազայի հատուածին մէջ ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ կատարուող ջարդերը», ըսած է Թուրքիոյ ղեկավարը:
Ըստ Էրտողանի, Անգարան պիտի շարունակէ գործադրել բոլոր անհրաժեշտ ջանքերը` «պաղեստինեան ներերկիրի խաղաղ բնակչութեան օգնութիւն ցուցաբերելու համար»:
«Մենք Կազայի մէջ մեր եղբայրները երբեք անօթեւան, առանց օգնութեան եւ առանձին պիտի չձգենք», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը` շեշտելով, որ պատմութեան նկատմամբ Անգարայի պարտքն է «բացայայտել յանցագործութիւնները անոնց, որոնք կ՛աջակցին Կազայի մէջ անբարոյական, անբարեխիղճ եւ ստոր ջարդեր գործադրողներուն»:
Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ հարաւը ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ ու ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործած է ցուցարարներու դէմ, որոնք փորձած են ներխուժել Ինճիրլիքի մէջ ամերիկեան ռազմակայան:
Ցուցարարները քննադատած են Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու գործողութիւնները Կազայի մէջ, եւ Անգարայէն պահանջած փակել ռազմակայանը:
Ըստ հաղորդումներու, ցոյցին մասնակցած են ոչ միայն ռազմակայանէն ոչ հեռու գտնուող Ատանայի, այլ նաեւ Պոլսոյ եւ այլ քաղաքներու բնակիչներ: Ոստիկանութիւնը ստիպուած եղած է փակել դէպի ռազմակայան տանող ճամբաները:


