Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեսքով. «Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Յարաբերութիւնները Զերոյական Են, Սակայն Երկխօսութիւնը Պէտք Է Վերսկսի»

November 7, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով մեկնաբանած է Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ երկխօսութեան վերսկսման կարելիութիւնը:

«Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները զերոյական վիճակի մէջ են, սակայն, այսպէս թէ այնպէս, ժամանակի ընթացքին պէտք է վերսկսիլ երկխօսութիւնը», յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը:

«Յարաբերութիւնները զերոյի վրայ են, ես պիտի ըսէի` նոյնիսկ զերոյէն ցած: Սակայն որովհետեւ թէ՛ Ամերիկան, թէ՛ մենք յատուկ պատասխանատուութիւն կը կրենք համաշխարհային եւ ռազմավարական կայունութեան համար, ապա այսպէս թէ այնպէս ժամանակի ընթացքին պէտք է վերսկսիլ այդ խօսակցութիւնը», ըսած է Փեսքով` պատկերասփիւռի լրագրող Փաւել Զարուպինին տուած հարցազրոյցին մէջ:

Հարցազրոյցէն հատուած մը հրապարակուած է լրագրողի «Թելեկրամ» ալիքին վրայ:

Ռուսիոյ նախագահի բանբերը նաեւ նշած է, որ Ռուսիան այսօր շեշտակի կ՛արձագանգէ Միացեալ Նահանգներու Ռուսիոյ ներքին գործերուն միջամտութեան:

«Մենք արդէն այլ ձեւով կը խօսինք իրարու հետ, երբ խօսքը կը վերաբերի ներքին գործերուն միջամտելուն… Հիմա մենք ատոր բացարձակապէս անհաշտ կ՛արձագանգենք:

«Ատիկա կը զգացուի թէ՛ նախագահի տրամադրուածութենէն, թէ՛ անոր հրամաններէն, թէ՛, ի հարկէ, այդ ամէնը պիտի իրականացուի», ըսած է Փեսքով:

Նախքան այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտարարած էր, որ Ռուսիան Միացեալ Նահանգներէն առաջարկներ ստացած է ռազմավարական կայունութեան եւ սպառազինութիւններու վերահսկման շուրջ երկխօսութեան վերսկսման վերաբերեալ, ներկայիս անոնք կ՛ուսումնասիրուին:

Նախորդը

Ամերիկացի Եւ Եւրոպացի Պաշտօնատարներ Ռուսիոյ Հետ Պատերազմին Վերջ Տալու Համար Ուքրանիոյ Հետ Խաղաղութեան Բանակցութեան Թղթածրար Կ՛առաջարկեն

Յաջորդը

Քուրթուլմուշ. «Իսրայէլ Կազայի Մէջ Պատերազմը Կրօնական Պատերազմի Վերածեց»

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.