Իրաքի մէջ իսլամական դիմադրութիւնը երէկ յայտարարեց, որ իր մարտիկները անօդաչու թռչող սարքով յարձակում գործած են Սուրիոյ Հասաքէ քաղաքի արեւմուտքը գտնուող «ամերիկեան բռնագրաւումի» Թել Պատր ռազմակայանին վրայ, որ, ըստ իրաքեան շարժումին հրապարակած հաղորդագրութեան, ուղղակի հարուած ստացած է: