Իսրայէլեան Բանակի Ջարդերը Կը Շարունակուին
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց, որ «իսրայէլեան բանակը պիտի վերացնէ Կազայէն Իսրայէլի քաղաքացիներուն դէմ ուղղուած անվտանգութեան որեւէ սպառնալիք»` աւելցնելով, որ բանակը պատերազմի աւարտէն ետք Կազայի մէջ «առանց որեւէ սահմանափակումի ուժի կիրարկման ամբողջական ազատութիւն ունի»:
Ան այս մասին յայտնեց Թել Աւիւի մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ գումարուած խորհրդարանական արտաքին եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնախումբի քննարկումներուն մանրամասնութիւններուն վերաբերեալ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան իր յղած գրաւոր յայտարարութեան մէջ:
«Առաջին` Համասը պիտի դադրի Կազայի մէջ իբրեւ զինուորական եւ կառավարական երեւոյթ գոյութիւն ունենալէ: Երկրորդ` Կազայէն Իսրայէլի քաղաքացիներուն որեւէ ապահովական սպառնալիք պիտի չըլլայ, եւ երրորդ` իսրայէլեան բանակը առանց որեւէ սահմանափակումի ուժի կիրարկման ամբողջական ազատութիւն պիտի ունենայ»:
«Մեր դիմաց կռիւի բազմաթիւ օրեր ունինք, այս պատերազմը նախապէս մեր գիտցածէն տարբեր էր, եւ կը կեդրոնանանք երկու հիմնական հարցերու վրայ` պատերազմին մէջ յաղթանակին եւ առեւանգուածներու հայրենիք վերադարձին վրայ», ըսաւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը:
«Մենք փապուղիներուն եւ թաքստոցներուն մէջ զանոնք (Համասի զինեալները, «Ա.») պիտի հարուածենք, պիտի վերացնենք Համասի ղեկավարները, սկսեալ (Եահիա) Սընուարէն, եւ պիտի երթանք ու հարուածենք հրամանատարներն ու բոլոր անոնք, որոնք պատերազմի դաշտին վրայ են, ինչպէս նաեւ ենթակառոյցը», յայտնեց Կալանթ:
Ըստ անոր, պատերազմին ու իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով ստեղծուած կացութենէն «Համաս պիտի չվերապրի»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Էյ.Պի.Սի.» Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ իր երկիրը կրնայ մարտերուն մէջ «փոքրիկ մարտավարական դադարներու» դիմել, որպէսզի արտօնէ Կազա մարդասիրական օգնութեան մատակարարում կամ այնտեղէն գերիներու դուրս բերում:
Ան մերժած է զինադադարի կոչերը` հակառակ միջազգային ճնշումին:
«Կազայի մէջ ընդհանուր զինադադար տեղի պիտի չունենայ` առանց մեր գերիներու ազատ արձակման: Ինչ կը վերաբերի փոքր մարտավարական դադարներուն` մէկ ժամ այստեղ, մէկ ժամ այնտեղ, ապա մենք նախապէս ալ նման բան ըրած ենք: Կը կարծեմ` հաշուի պիտի առնենք հանգամանքները, որպէսզի արտօնենք, որ ապրանքները, մարդասիրական ապրանքները ներս մտնեն կամ մեր գերիները, առանձին գերիներ, դուրս բերուին: Սակայն չեմ կարծեր, թէ ընդհանուր զինադադար պիտի ըլլայ», յայտնած է Նեթանիահու:
Իսրայէլի վարչապետը աւելցուցած է, որ զինադադարը պիտի խոչընդոտէր պատերազմ վարելու իր երկրին ջանքերը, ինչպէս նաեւ գերիները ազատ արձակելու հոլովոյթը, որովհետեւ պաղեստինեան Համաս արմատական շարժման վրայ, Նեթանիահուի համոզումով, միայն կ՛ազդէ «մեր գործադրած զինուորական ճնշումը»:
Նեթանիահու նաեւ յայտարարեց. «Կազայի մէջ պատերազմէն ետք, Իսրայէլ անորոշ ժամանակով պիտի ստանձնէ Կազայի մէջ անվտանգութեան ամբողջական պատասխանատուութիւնը»:
«Երբ ապահովական այդ պատասխանատուութիւնը չենք ստանձներ, ապա Համասի աներեւակայելի տարողութեան ահաբեկչութեան յառաջացումը կը դիմակայենք», յայտնեց ան:
Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն նախկինին պէս մերժել պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի ծիրին մէջ «ընդհանուր զինադադարի հաստատման» կոչերը:
«Մենք տակաւին չենք կարծեր, որ համընդհանուր զինադադարը այս պահուս տեղին է: Երբ կը խօսինք զինադադարի մասին, նկատի ունինք զինուորական գործողութիւններու ամբողջական դադրեցումը ամբողջ շրջանին մէջ, ինչ որ այս պահուն կը նկատենք պարտուողական լուծում եւ, հետեւաբար, ատոր չենք աջակցիր», ըսած է Քըրպի:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան իր չեխ պաշտօնակից Եան Լիպաւսքիի եւ նետերլանտցի պաշտօնակից Հանքի Պրոնզսլոթի հետ անջատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին յայտնեց. «Կազայի մէջ քաղաքայիններուն դէմ իսրայէլեան ոճիրները անընդունելի են»:
Ան շեշտեց, որ պէտք է «կարելի եղածին չափ շուտ ամբողջական զինադադար հաստատել եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները անմիջապէս Կազա հասցնել»` կեդրոնանալով նաեւ այն բանի վրայ, որ «միացեալ ջանքեր թափուին Կազայի մէջ լարուածութիւնը շրջանային տագնապի վերածուիլը կանխարգիլելու համար»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաները սուր կերպով քննադատեցին ամերիկեան վարչակազմին Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ պատերազմի նկատմամբ որդեգրած քաղաքականութիւնը` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է պատրաստ ըլլան հրապարակաւ Իսրայէլը քննադատելու:
«Փոլիթիքօ» կը հաղորդէ, որ անոնք այս մասին յայտնած են յուշագիրի մը մէջ: Օրաթերթը նշեց, որ ամերիկացի դիւանագէտներուն մօտ Միջին Արեւելքի տագնապին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարմունքին առնչութեամբ վստահութեան կորուստը հետզհետէ կ՛աճի, եւ անոնցմէ շատեր, մասնաւորաբար միջին եւ ցած մակարդակի վրայ գտնուողները նոյն զգացումը ունին:
«Փոլիթիքօ» նշեց, որ եթէ այսպիսի ներքին տարակարծութիւնները սաստկանան, ապա Պայտընի վարչակազմին համար դժուար պիտի ըլլայ շրջանին վերաբերեալ քաղաքականութիւն ձեւաւորել:
«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Իսրայէլի կեդրոնական դրամատան մէջ օտար դրամանիշերու պահեստները անցեալ ամիս աւելի քան 7 միլիառ տոլարով նուազած են:
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է. «Ռուսիան պիտի շարունակէ հաղորդակցութիւնները պաղեստինցիներուն, իսրայէլացիներուն եւ եգիպտացիներուն հետ` Կազա մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու համար, մինչդեռ ամէն ինչ բարդ է»:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Փեսքով ընդգծած է, որ Ռուսիան միակ երկիրը չէ, որ այդքան կ՛օգնէ Պաղեստինին:
«Ցաւօք սրտի, այժմ օգնութիւնը կրնայ այնտեղ առաքուիլ շատ սահմանափակ ծաւալով եւ միայն Եգիպտոսի տարածքով, միայն Ռաֆահ անցակէտով, որ կը գործէ շատ սահմանափակ դրութեամբ, եւ, ցաւօք սրտի, անհրաժեշտ ծաւալով օգնութիւնը այժմ պարզապէս չի կրնայ այնտեղ առաքուիլ:
«Սակայն, անշուշտ, ռուսական կողմը պիտի շարունակէ բոլոր հաղորդակցութիւնները պաղեստինցիներուն, իսրայէլացիներուն եւ եգիպտացիներուն հետ` հետագային կարելիութիւն փնտռելու ապահովելու համար նման օգնութեան ուղղութիւնը», ըսած է Փեսքով:
Յայտնենք, որ երէկ իսրայէլեան բանակը նոր ջարդ մը գործեց, երբ ռմբակոծեց Կազայի Տէյր Պալահ գաղթակայանը: Ռմբակոծումին պատճառով տասնեակներով զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան կիներու, տարեցներու եւ երեխաներու շարքերուն մէջ: