Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Պաղտատ անակնկալ այցելութեան ընթացքին յայտնեց. «Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ուժերուն վրայ յարձակումները, որոնց կշռոյթը Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմի սկիզբէն ետք բարձրացաւ, բացարձակապէս անընդունելի են»:
Ան Թուրքիա մեկնելէ առաջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին աւելցուց. «Մեր ուժերը պաշտպանելու համար պէտք եղած քայլերը պիտի որդեգրենք»:
Նշենք, որ 7 հոկտեմբերին «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան լոյսին տակ Իսրայէլի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումին միջեւ կռիւի սկիզբէն ետք ամերիկեան եւ այլ ուժեր հիւրընկալող իրաքեան ռազմակայաններուն դէմ հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումներու կշռոյթը բարձրացաւ:


