Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Կ՛ուսումնասիրէ Իսրայէլի Դէմ Միջազգային Քրէական Դատարանին Մէջ Հայց Ներկայացնելու Հարցը

November 10, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան կ՛ուսումնասիրէ Միջազգային քրէական դատարան դիմելու կարելիութիւնը` նպատակ ունենալով Իսրայէլը զինուորական յանցագործ յայտարարելու դատավարութիւն նախաձեռնել` Կազայի մէջ վերջինիս կատարած գործողութիւններուն համար: Աշխատանքը կը կատարուի Լա Հէյի դատարանի կառոյցներուն միջոցով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ենի Շաֆաք»-ը:

Թրքական օրաթերթին տուեալներով` Միջազգային քրէական դատարան դիմելու հարցը քննարկուած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գործադիր կոմիտէի 7 նոյեմբերի նիստի ընթացքին` նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախագահութեամբ:

Քննարկուած են Պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման ուղղուած Թուրքիոյ նախաձեռնութիւնները, որոնք կը նախատեսուի քննարկել 12 նոյեմբերին, Ճետտայի մէջ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի ընթացքին:

«Ենի Շաֆաք» հաղորդած է, որ Էրտողանը նիստին ընթացքին նշած է, որ եթէ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի ընթացքին «ձեռք չբերուի սպասուած արդիւնքը, պէտք է աւելի ընդլայնուած հանդիպում կազմակերպել եւ սկսիլ նոր դիւանագիտական գրոհ Կազայի մէջ կարգաւորման համար»:

Թէ Անգարայի ի՛նչ նախաձեռնութիւններու մասին է խօսքը` օրաթերթը չէ նշած:

Էրտողան 28 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ Պաղեստինի աջակցութեան նուիրուած հանրահաւաքի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած էր, թէ Թուրքիան մտադիր է Իսրայէլը զինուորական յանցագործ յայտարարել:

15 Նոյեմբերին Պոլսոյ Մէջ Կազայի Վերաբերեալ
Միջազգային Հանդիպում

15 նոյեմբերին Պոլսոյ մէջ Կազայի կացութեան վերաբերեալ միջազգային հանդիպում կը նախատեսուի: Այս մասին Թաշքենտի մէջ ընթացող վեհաժողովի ժամանակ յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

«15 նոյեմբերին Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Կազայի վերաբերեալ միջազգային հանդիպում», ըսած է Էրտողան` նշելով, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ դիւանագիտական ջանքեր գործադրել ճգնաժամի լուծման համար:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես – ՀՄԸՄ 85-79

Յաջորդը

Հակադարձելով Իր Ուժերուն Վրայ Կատարուած Յարձակումներուն` Ուաշինկթըն Սուրիոյ Մէջ Իրանի Առնչուած Դիրք Մը Հարուածած Է Եւ Թեհրանին Յայտնած, Որ Մագլցումի Մտադրութիւն Չունի

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.