Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պուիսոն անարգանք որակած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ կատարուածը:
«ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն նպատակայարմար չնկատեց դատապարտել ազրպէյճանցիներու 9 ամիսներու շրջափակումը, որուն ընթացքին խաթարուեցաւ հազարաւոր հայ երեխաներու ուսումնական հոլովոյթը, իսկ հիմա Ազրպէյճանը կ՛ընտրէ իր Ընդհանուր ժողովի փոխնախագահի պաշտօնին: Անարգանք», «Էքս»-ի վրայ գրած է ան:
Գրառման տակ մեկնաբանութիւն կատարած օգտատէրերը նշած են` «Սարսափելի է», «Հաստատութիւնները կը կորսնցնեն իրենց պատիւն ու վստահութիւնը», «Չզարմանաք, եթէ քանի մը օր ետք պարզուի, որ հսկայական գումար նուիրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին…»:


