Ամերիկեացի եւ եւրոպացի պաշտօնատարներ սկսան ուքրանական կառավարութեան հետ հանդարտօրէն խօսիլ պատերազմին վերջ տալու համար Ռուսիոյ հետ խաղաղութեան բանակցութիւններու հաւանական պարունակութեան շուրջ: Այս մասին հաղորդեց ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը` մէջբերելով քննարկումներուն քաջածանօթ ամերիկացի ներկայ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը եւ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատար մը:
Պաշտօնատարները յայտնած են, որ քննարկումները ներառած են ընդհանուր գիծերը այն զիջումներուն, որոնք համաձայնութիւն գոյացնելու համար Ուքրանիան կարիքը ունի կատարելու: Պաշտօնատարները նշած են, որ կարգ մը «զգայուն» բանակցութիւններ տեղի ունեցած են անցեալ ամիս Ուքրանիոյ աջակցող աւելի քան 50 պետութիւններու, ներառեալ ՕԹԱՆ-ի ներկայացուցիչները, ժողովի ընթացքին:
Ըստ պատկերասփիւռի կայանին, պաշտօնատարները ըսած են, որ բանակցութիւնները ընթացք առած են հիմնուելով այն մտավախութեան վրայ, որ պատերազմը անելի մատնուած է, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ օժանդակութիւններու տրամադրումը շարունակելու կարողութեան նկատմամբ մտավախութիւններուն վրայ:
Պաշտօնատարները նաեւ նշեցին, որ ամերիկեան վարչակազմի պաշտօնատարները նաեւ մտահոգ են Ուքրանիոյ ուժերու սպառումէն, մինչ Ռուսիոյ մատակարարումները կը թուին անվերջ ըլլալ: Ուքրանիան նաեւ կը պայքարի զինուորագրում ապահովելու համար, եւ վերջերս նաեւ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի բաց զինուորագրման պահանջներուն դէմ:
Ամերիկեան կառավարութիւնը նաեւ անհանգստացած է Կազայի մէջ շուրջ մէկ ամիս առաջ սկսած պատերազմէն ի վեր Ուքրանիոյ պատերազմին նկատմամբ հասարակութեան հետաքրքրութեան սակաւութենէն:
Պաշտօնատարները այն մտավախութիւնը ունին, որ այս շրջադարձը Քիեւին յաւելեալ օժանդակութիւններու ապահովումը դարձնէ աւելի դժուար:
Պաշտօնատարները նաեւ մասնաւոր խօսակցութիւններու ընթացքին յայտնած են, որ Ուքրանիան հաւանաբար մինչեւ տարեվերջ կամ անկէ կարճ ժամանակ ետք ժամանակ ունի, նախքան խաղաղութեան բանակցութիւններու շուրջ աւելի վճռական քննարկումներու սկսիլը:


