Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ նշեց. «Իսրայէլացի պաշտօնատարներ Կազայի դէմ իրենց գործողութեան երկրորդ շաբաթէն ի վեր սկսան քաղաքականին ու զինուորականին կողքին կրօնական եզրեր օգտագործել»: Ան նշեց. «Ըստ անոնց հաւատքին, կ՛ըսեն, որ այս պատերազմը պիտի շարունակեն, մինչեւ որ Եփրատի եւ Նեղոսի գետերուն միջեւ գտնուող տարածքի բոլոր բնակիչները մաքրագործման ենթարկուին եւ այդտեղէն դուրս մղուին, աւելի՛ն` Եսայիի մարգարէութիւններուն մասին կը խօսին»:
«Իսրայէլացի պաշտօնատարները յստակօրէն կ՛ըսեն, որ շրջանին մէջ մեզմէ զատ ոչ ոք պիտի մնայ, եւ մնացեալը մեզի ճորտ պիտի ըլլան: Ասիկա աստուածաբանական սխալ հասկացողութիւն է: Անիկա ընկալում մըն է, որ իրենք զիրենք աշխարհի տէր կը տեսնեն, եւ Աւետեաց երկիրը` իրենց իրաւունքը, եւ կ՛ուզեն այդ հողին վրայ հաստատուած բնակիչները տեղահանել», պատկերասփռուած զրոյցի ընթացքին ըսաւ Քուրթուլմուշ:
«Ասիկա անընդունելի է, եւ Իսրայէլ այժմ այս պատերազմը կրօնական պատերազմի վերածեց», նշեց Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը:
«Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումին աջակցողները պատմութեան առջեւ թափուած արեան համար պատասխանատուութիւն կը կրեն», ըսաւ ան եւ յայտարարեց. «Թուրքիան կը մերժէ քաղաքայիններուն վրայ յարձակումներ շղթայազերծելը, անկախ անոնց թիրախը եղող կողմէն»:


