Անկլօ-սաքսոնական ուժերը Միջին Արեւելքի շրջանը կը մղեն մեծ պատերազմի շեմին. Արեւմուտքի այս գիծը աւանդաբար յանգեցուցած է ահաբեկչութեան աճի եւ գաղթականներու բազմամիլիոն հոսքերու: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Այժմ մենք կը տեսնենք, թէ անկլօ-սաքսոնները ինչպէ՛ս Միջին Արեւելքը բառացիօրէն կը մղեն մեծ պատերազմի շեմին», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Անոր համաձայն, Արեւմուտքի այս գիծը յստակօրէն կը դրսեւորուի Ուքրանիոյ, Իրաքի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ:
«Նման քաղաքականութեան միւս արդիւնքներն են ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան աճը, մարդկային ճակատագիրի խեղումը, գաղթականներու բազմամիլիոն հոսքերը», աւելցուցած է Լաւրով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներուն եւ անոնց դաշնակիցներուն գործելաոճը կը ներառեն աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ քաոս սերմանելու, երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ վէճերու, ազգամիջեան եւ միջկրօնական հակասութիւններու սրման փորձերը:
«Արեւմուտքը սովոր է սեփական խնդիրները լուծել ուրիշներու հաշուոյն, օգտագործելու այլ մարդոց հարստութիւնները: Ինչպէս Փութին ըսած է. «Միատէրի վարձքը հանելու համար», նշած է ան:


