Միջազգային

6 Օր Պաշարելէ Ետք.  Իսրայէլեան Ուժերը Ներխուժեցին Կազայի Շիֆա Բժշկական Համալիր

6 Օր Պաշարելէ Ետք. Իսրայէլեան Ուժերը Ներխուժեցին Կազայի Շիֆա Բժշկական Համալիր

Իսրայէլեան ուժերը երէկ արշալոյսին ներխուժեցին Կազա քաղաքի արեւմուտքը գտնուող Շիֆա բժշկական համալիր, որ 6 օրէ ի վեր պաշարած էին: Իսրայէլեան հրասայլերը արեւմտեան կողմէն ներխուժեցին համալիրի շրջափակ, ինչպէս նաեւ արձակազէններ դիրքաւորուեցան անոր մերձակայքը: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ երեկոյեան նշեց. «Հակառակ մուտք չգործելու պահանջին, Շիֆա հիւանդանոց մուտք գործեցինք, որովհետեւ չկայ վայր մը ուր պիտի չհասնինք»: Ան հարաւային Իսրայէլի մէջ իսրայէլեան բանակի...

Թուրքիան Միջազգային Քրէական Դատարանին Նեթանիահուի Դէմ Հայց Ներկայացուցած Է

Թուրքիան Միջազգային Քրէական Դատարանին Նեթանիահուի Դէմ Հայց Ներկայացուցած Է

Անգարան Միջազգային քրէական դատարանին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի դէմ հայց ներկայացուցած է` զինք մեղադրելով Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փաստաբան Մեթին Կիւլիւնքը: «Այսօր, ներկայացնելով Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներու խիղճը, մենք Լա Հէյի միջազգային քրէական դատարանին հայց ներկայացուցած ենք ընդդէմ 21-րդ դարու Հիթլերին`...

Իսրայէլի Եւ Համասի Միջեւ Գերիներու Փոխանակման Համաձայնութեան Գոյացումը` Մօտալո՞ւտ

Իսրայէլի Եւ Համասի Միջեւ Գերիներու Փոխանակման Համաձայնութեան Գոյացումը` Մօտալո՞ւտ

Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած է, որ Իսրայէլ եւ Համաս կը մօտենան գործարքի մը, որուն ծիրին մէջ ազատ պիտի արձակուին 7 հոկտեմբերին Համասի կողմէ գերեվարուած կիներու եւ երեխաներու մեծամասնութիւնը: «Համաձայնութիւնը կրնայ քանի մը օրէն յայտարարուիլ, եթէ վերջին մանրամասնութիւնները լուծուին», ըսած է պաշտօնատարը` աւելցնելով. «Գործարքի ընդհանուր գիծերը յստակացան եւ ճշդուեցան»: Ան ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին նշած է, որ սկզբունքային...

Պլինքըն Եւ Քամերոն Ընդգծած Են Միացեալ Նահանգներու Եւ Բրիտանիոյ Յատուկ Յարաբերութիւններու Կարեւորութիւնը

Պլինքըն Եւ Քամերոն Ընդգծած Են Միացեալ Նահանգներու Եւ Բրիտանիոյ Յատուկ Յարաբերութիւններու Կարեւորութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Բրիտանիոյ նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն իրենց միջեւ առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարած են երկկողմանի յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան ամրապնդման գործին մէջ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ը կը տեղեկանայ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութենէն: «Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն եւ լորտ Քամերոն ընդգծած են Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ յատուկ յարաբերութիւններու յաջորդականութիւնը, անոնց կարեւորութիւնը...

«2024 Թուականը Ուքրանիոյ Տագնապին Համար Վճռորոշ Պիտի Ըլլայ»  Կ՛ըսէ Զելենսքիի Գրասենեակի Ղեկավարը

«2024 Թուականը Ուքրանիոյ Տագնապին Համար Վճռորոշ Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Զելենսքիի Գրասենեակի Ղեկավարը

Յաջորդ տարին վճռորոշ պիտի ըլլայ ուքրանական տագնապին համար: Նման կարծիք յայտնած է Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Երմաք: «Յաջորդ տարին վճռորոշ պիտի ըլլայ», ըսած է ան` Ուաշինկթընի Հատսըն հիմնարկին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ: Երմաքի համաձայն, Ուքրանիոյ ծանր ձմեռ կը սպասէ: Ան նշած է, որ Քիեւին անմիջապէս պէտք է զէնք, յատկապէս հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր: Երմաք միեւնոյն ժամանակ հաւաստած է, որ...

Թեհրան. «Ուաշինկթընի Կողմէ Զինադադարի Հաստատման Խոչընդոտումը Պիտի Ընդլայնէ Ընթացող Պատերազմի Շրջագիծը»

Թեհրան. «Ուաշինկթընի Կողմէ Զինադադարի Հաստատման Խոչընդոտումը Պիտի Ընդլայնէ Ընթացող Պատերազմի Շրջագիծը»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Շաֆա հիւանդանոցի իսրայէլեան շրջափակումն ու Կազայի մէջ բժշկական կեդրոններու թիրախաւորումը «լկտի ոճիր է»: «Իսրայէլ Կազայի մէջ որակելի ոճիրներ կը գործէ, եւ անոնց պատասխանատուութիւնը Միացեալ Նահանգները կը կրեն», նշեց նախարարութիւնը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ յայտարարեց. «Ուաշինկթընի կողմէ զինադադարի հաստատման խոչընդոտումը պիտի յանգեցնէ ընթացող պատերազմի շրջագիծի ընդլայնման»: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան իր...

Պորել. «Ուքրանիոյ Ամերիկեան Օգնութիւնը Հաւանաբար Կրճատուի, Ուստի Եւրոպական Միութեան Երկիրները Պէտք Է Պատրաստ Ըլլան Փոխհատուցելու»

Պորել. «Ուքրանիոյ Ամերիկեան Օգնութիւնը Հաւանաբար Կրճատուի, Ուստի Եւրոպական Միութեան Երկիրները Պէտք Է Պատրաստ Ըլլան Փոխհատուցելու»

Ուքրանիոյ ամերիկեան օգնութիւնը հաւանաբար կրճատուի, ուստի Եւրոպական Միութեան երկիրները պէտք է պատրաստ ըլլան փոխհատուցելու: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ շաբաթ օր այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել: «Եւրոպացիները, որոնք անհրաժեշտ միջոցներ ունին, պէտք է պատրաստ ըլլան շարունակել աջակցութիւն ցուցաբերել Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներէն պարտաւորութիւն ստանձնել, որովհետեւ անոնց աջակցութիւնը, մեծ հաւանականութեամբ, պիտի կրճատուի»,...

Միացեալ Նահանգներ Երկու Օդային Հարուած Հասցուցած Են Սուրիոյ Մէջ Գործող «Իրանամէտ Խմբաւորումներուն»

Միացեալ Նահանգներ Երկու Օդային Հարուած Հասցուցած Են Սուրիոյ Մէջ Գործող «Իրանամէտ Խմբաւորումներուն»

Միացեալ Նահանգներ երկու օդային հարուած հասցուցած են Սուրիոյ մէջ գործող «իրանամէտ խմբաւորումներուն»: Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին: Հարուածները հասցուած են ի պատասխան Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերուն վրայ կատարուած յարձակումներու շարքին: Ամերիկեան ուժերը հարուածները հասցուցած են Տեր Զօր նահանգի Ապու Քամալ քաղաքին մօտ գտնուող ուսումնական կեդրոնին եւ Իրաքի սահմանի մօտ գտնուող Մայատին քաղաքին մօտ գտնուող...

Բրիտանիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Պաղեստինցիներուն Աջակցող Ցոյցերէն Ետք Ոստիկանութիւնը Քննադատելէն Ետք Պաշտօնազրկուեցաւ

Բրիտանիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Պաղեստինցիներուն Աջակցող Ցոյցերէն Ետք Ոստիկանութիւնը Քննադատելէն Ետք Պաշտօնազրկուեցաւ

Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաք պաշտօնազրկեց երկրին ներքին գործոց նախարար Սուելա Պրիֆըրմանը, երբ վերջինս յօդուածի մը մէջ քննադատեց ոստիկանութիւնը երկակի չափանիշներ կիրարկելու եւ պաղեստինցիներուն զօրակցութեան ցոյցերուն նկատմամբ աչք փակելու համար: Պրիֆըրման նաեւ երկրին մէջ մեծ բանավէճ յառաջացուցած էր, երբ նշեալ ցոյցերը «ատելութեան ցոյցեր» որակեց: Պրիֆըրման լարուածութեան մագլցումի յանցանքով ամբաստանուեցաւ, երբ անցեալ շաբաթ «Թայմզ» օրաթերթին մէջ ստորագրեց յօդուած մը, որուն մէջ Լոնտոնի...

Նեթանիահու Համասի Մօտ Գտնուող Գերիներու Ազատ Արձակման Համաձայնութեան Գոյացումը Հաւանական Կը Նկատէ

Նեթանիահու Համասի Մօտ Գտնուող Գերիներու Ազատ Արձակման Համաձայնութեան Գոյացումը Հաւանական Կը Նկատէ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին հաւանական նկատեց պաղեստինեան Համաս շարժումին մօտ գերիներու ազատ արձակման շուրջ համաձայնութեան գոյացումը: Պատասխանելով Կազայի մէջ Համասի մօտ գտնուող գերիներու ազատ արձակման շուրջ համաձայնութեան գոյացման հաւանականութեան մասին հարցումի մը` Նեթանիահու նշեց. «Ատիկա հաւանական է, սակայն որքան այդ մասին քիչ խօսիմ, այդքան անոր իրականացման հաւանականութիւնը կը բարձրանայ»: Ամերիկացի պաշտօնատար մը...

Ռիատի Արաբական-Իսլամական Վեհաժողովը Կոչ Ուղղեց` Կազայի Շրջափակումը Խզելով Մարդասիրական Օժանդակութիւն Հասցնելու

Ռիատի Արաբական-Իսլամական Վեհաժողովը Կոչ Ուղղեց` Կազայի Շրջափակումը Խզելով Մարդասիրական Օժանդակութիւն Հասցնելու

Շաբաթ օր Ռիատի մէջ գումարուած արաբական-իսլամական վեհաժողովի հաղորդագրութեան նախագիծը կոչ ուղղեց խզելու Կազայի դէմ հաստատուած շրջափակումը եւ ստիպելու, որ մարդասիրական օժանդակութիւնը, ներառեալ սննդեղէն, դեղորայք եւ վառելանիւթ, անմիջապէս այդտեղ հասնի: Հաղորդագրութիւնը Միջազգային քրէական դատարանի ընդհանուր դատախազին կոչ ուղղեց` անմիջապէս հետաքննելու Իսրայէլի` պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ բոլոր բռնագրաւեալ պաղեստինեան հողերուն վրայ, ներառեալ արեւելեան Երուսաղէմի մէջ գործած պատերազմական յանցագործութիւններն ու մարդկութեան դէմ ոճիրները: Վեհաժողովը...

Նեթանիահու Ապառազմականացուած, Ահաբեկչական Տարրերէ Մաքրուած Եւ Վերակառուցուած Կազա Մը Կ՛ուզէ

Նեթանիահու Ապառազմականացուած, Ահաբեկչական Տարրերէ Մաքրուած Եւ Վերակառուցուած Կազա Մը Կ՛ուզէ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը «լաւ եւ արտակարգ» կերպով կ՛իրականացնէ Կազայի դէմ իր յարձակումը, որ «պիտի շարունակուի մինչեւ Համասէն ձերբազատումը, եւ ոչինչ պիտի կասեցնէ մեզ»: «Նպատակներ ճշդեցի, սակայն ոչ ժամանակացոյց, որովհետեւ հարցը կրնայ երկար ժամանակ պահանջել», ըսաւ ան: «Քայլ առ քայլ յառաջ կ՛ընթանանք նուազեցնելով մեր կորուստները, մինչ կը փորձենք...

Թեհրանն Ու Պաքուն Համաձայնած Են Արաքսի Ափով Երկաթուղիի Եւ Մայրուղիի Երթուղիին Շուրջ

Թեհրանն Ու Պաքուն Համաձայնած Են Արաքսի Ափով Երկաթուղիի Եւ Մայրուղիի Երթուղիին Շուրջ

Իրանի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու միացեալ աշխատանքին հիմամբ համաձայնութիւն գոյացաւ Արաքս գետի հարաւային ափով երկաթուղիի եւ մայրուղիի երթուղիին շուրջ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը` Թաշքենտի մէջ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ հանդիպումի ժամանակ: Ալիեւ վստահութիւն յայտնած է, որ այս նախագիծը «կարճ ժամանակի մէջ պիտի իրականացուի եւ դառնայ Հիւսիս-հարաւ փոխադրական...

Փենթակոն. «Միջին Արեւելքի Մէջ 17 Հոկտեմբերէն Ի Վեր Ամերիկեան Զօրքերը Առնուազն 46 Յարձակումի Ենթարկուած Են»

Փենթակոն. «Միջին Արեւելքի Մէջ 17 Հոկտեմբերէն Ի Վեր Ամերիկեան Զօրքերը Առնուազն 46 Յարձակումի Ենթարկուած Են»

Փենթակոն հաղորդեց, որ 17 հոկտեմբերէն ի վեր Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ուժերը առնուազն 46 յարձակումի ենթարկուած են: Կը նշուի, որ վերջին երեք շաբաթներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու եւ Միջազգային դաշինքի ուժերուն վրայ անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրթիռներով Իրաքի մէջ 24 յարձակումներ, իսկ Սուրիոյ մէջ 22 յարձակումներ տեղի ունեցած են: Փենթակոն աւելցուցած է, որ այդ յարձակումներուն հետեւանքով 56 մարդ վնասուած է: Ամերիկացի...

Ռուսիա 1946-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի Դատաւորներու Կազմին Մէջ Ներկայացուցիչ Չունի

Ռուսիա 1946-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի Դատաւորներու Կազմին Մէջ Ներկայացուցիչ Չունի

Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Քիրիլ Գէորգեանը, որ 2015 թուականէն Լա Հէյի միջազգային դատարանի դատաւոր է, երկրորդ նստաշրջանի համար չէ վերընտրուած: 10 նոյեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ տեղի ունեցած ընտրութեան ընթացքին անոր տեղ ընտրուած է Ռումանիոյ ներկայացուցիչ Պոկտան-Լիուսիան Աուրեսքուն, որուն աջակցած են Ընդհանուր ժողովի 117 անդամներ: Խորհրդային եւ ռուս դատաւորները ՄԱԿ-ի դատական համակարգին մէջ կը ծառայեն 1946 թուականէն ի վեր: Այսպիսով, առաջին անգամ...

Ըստ Հարցախոյզի Մը.  Թրամփը Արտաքին Քաղաքականութեան Հարցերու Մէջ Ընտրողներու Մօտ Աւելի Մեծ Վստահութիւն Ունի

Ըստ Հարցախոյզի Մը. Թրամփը Արտաքին Քաղաքականութեան Հարցերու Մէջ Ընտրողներու Մօտ Աւելի Մեծ Վստահութիւն Ունի

Միացեալ Նահանգներ ընտրողները Ուքրանիոյ, Իսրայէլի եւ Չինաստանի հետ առնչուած խնդիրները լուծելու հարցին մէջ աւելի շատ կը վստահին նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփին, քան նախագահ Ճօ Պայտընին: Այս մասին ցոյց կու տայ «Պլումպըրկ Նիուզ էնտ Մոռնինկ Քոնսալթ»-ի հարցախոյզը: Հարցախոյզի մասնակիցներուն 46 առ հարիւրը ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման հարցին մէջ կը վստահի Թրամփին, իսկ 34 առ հարիւրը...

Լիֆ. «Սէուտ-Իսրայէլեան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Բանակցութիւնները Ընդհատուած Է»

Լիֆ. «Սէուտ-Իսրայէլեան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Բանակցութիւնները Ընդհատուած Է»

Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւնները ընդհատուած են Կազայի մէջ տագնապին պատճառով, սակայն, ինչպէս կը սպասուի, պիտի վերսկսին ատոր աւարտէն ետք: Այս մասին Քոնկրեսի լսումներու ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի գործերու գծով օգնական Պարպարա Լիֆ: «Ներկայ պահուս անոնք դադարի վիճակի մէջ են ճգնաժամին պատճառով… Ես կ՛ակնկալեմ, որ մենք պիտի կարենանք զանոնք վերսկսիլ ճգնաժամի աւարտէն...

Կազայի Մէջ Զինադադարի Մը Հաստատման Եւ Որոշ Թիւով Գերիներու Ազատ Արձակման Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին

Կազայի Մէջ Զինադադարի Մը Հաստատման Եւ Որոշ Թիւով Գերիներու Ազատ Արձակման Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան ընկերային ցանցերու ճամբով յայտարարեց. «Թել Աւիւի ոճիրներու շարունակման ժամանակը արագօրէն կը սպառի»: «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միակ օգուտը այն է, որ իսրայէլեան գոյացութեան հիմը աւելի թուլացուց եւ Կազայի մէջ կիներու եւ մանուկներու ջարդին ճամբով յստակօրէն ցոյց տուաւ սիոնական վարչակարգին բիրտ ու թշնամական ոճրային դէմքը», ըսաւ Ապտոլլահեան: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Պարպարա...

Պրազիլական Ոստիկանութիւնը «Յարձակումներ» Ծրագրող 2 Կասկածելիներ Ձերբակալած Է. Ըստ Մոսատի, Թիրախը Հրէական Համայնքն Էր, Իսկ Կազմակերպողը` Հըզպալլան

Պրազիլական Ոստիկանութիւնը «Յարձակումներ» Ծրագրող 2 Կասկածելիներ Ձերբակալած Է. Ըստ Մոսատի, Թիրախը Հրէական Համայնքն Էր, Իսկ Կազմակերպողը` Հըզպալլան

Պրազիլի դաշնակցային ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ «յարձակումներ» գործադրելու պատրաստուող երկու կասկածելիներ ձերբակալած է: Ոստիկանութիւնը յայտնեց. «Սան Փաուլոյի մէջ ձերբակալութիւնը տեղի ունեցաւ ահաբեկչական պատրաստութիւններ ձախողեցնելու եւ երկրին մէջ ծայրայեղական արարքներ գործադրելու համար պրազիլցիներու հաւանական զինուորագրման փաստերու ձեռքբերման ապահովական գործողութեան մը ծիրին մէջ»: Ոստիկանութիւնը նաեւ Սան Փաուլօ, Մինաս Ճերայս եւ Պրազիլիա նահանգներուն մէջ 11 խուզարկութիւններ կատարած է: Ըստ պրազիլական «Թի.Վի. Կլոպօ» պատկերասփիւռի կայանին,...

Փենթակոն. «Միացեալ Նահանգներ  Չեն Պատրաստուիր Հրթիռային  Հարուած Հասցնելու Սուրիոյ»

Հակադարձելով Իր Ուժերուն Վրայ Կատարուած Յարձակումներուն` Ուաշինկթըն Սուրիոյ Մէջ Իրանի Առնչուած Դիրք Մը Հարուածած Է Եւ Թեհրանին Յայտնած, Որ Մագլցումի Մտադրութիւն Չունի

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց Սուրիոյ մէջ Իրանի առնչուած դիրքի մը դէմ ամերիկեան հարուածի մը մասին` նշելով, որ ամերիկեան ուժերը արեւելեան Սուրիոյ մէջ գտնուող կառոյցի մը դէմ այդ յարձակումը գործած են ինքնապաշտպանութեան ծիրին մէջ: Փենթակոն յայտնեց, թէ հարուածը հակադարձութիւն էր Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատին առնչակից զինեալներու կողմէ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ յարձակումներուն: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ըսաւ, որ հարուածուած են...

Page 183 of 882 1 … 182 183 184 … 882

Արխիւներ