Սպիտակ Տուն. «Ուաշինկթըն Ուքրանիոյ Տրամադրուող Զինուորական Օգնութիւնը Կը Կրճատէ Քոնկրեսին Կողմէ Յատկացուող Միջոցներու Սպառման Պատճառով»
Միացեալ Նահանգներ կը կրճատեն Ուքրանիոյ տրամադրուող զինուորական օգնութիւնը Քոնկրեսին կողմէ յատկացուող միջոցներու սպառման պատճառով: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, յայտարարած է Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քարին Ժան-Փիեռը: Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներ կը սկսին սպառազինութեան աւելի փոքր քանակներ տրամադրել Ուքրանիոյ, որպէսզի կարելիութիւն ունենայ առաւելագոյնս երկար ժամանակ աջակցիլ այդ երկրին: Միեւնոյն ժամանակ, Ժան-Փիեռ Քոնկրեսին կոչ ուղղած է կարելի եղածին չափ...




















