ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի մնայուն ներկայացուցիչ Կիլատ Էրտան վերջերս «ծիծաղելի» կոչած է համաշխարհային կազմակերպութեան մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիայի յայտարարութիւնները Իսրայէլի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի վերաբերեալ:
Միջադէպին վերաբերեալ Մոսկուայի մէջ Իսրայէլի դեսպան Ալեքսանտր Պեն Ցվիին յայտնած են, որ Իսրայէլի պաշտօնական ներկայացուցիչներու յայտարարութիւնները Ռուսիոյ դէմ անընդունելի են:
Այս մասին «Սոլովիեւ Լայվ» ծրագիրի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ վերաբերեալ Իսրայէլի պաշտօնական ներկայացուցիչներու յայտարարութիւններուն, ապա ատիկա անընդունելի է, եւ այդ մասին տեղեակ պահուած է Մոսկուայի մէջ Իսրայէլի դեսպանը», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը: