ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի դեսպան Ամիր Սայիտ Իրուանի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած իր նամակին մէջ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու բոլոր պնդումները անհիմն են եւ կտրուկ կերպով մերժելի: Իրան Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերուն վրայ որեւէ արարքի կամ յարձակումի բնաւ չմասնակցեցաւ»:
«Միացեալ Նահանգներու` Սուրիոյ մէջ քաղաքայիններու եւ կենսական ենթակառոյցներու վրայ յարձակումներու ճամբով իր զինուորական ապօրինի արարքներուն օրինականութիւն ապահովելու համար ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածին հիմամբ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը պատրուակելն ու օգտագործելը օրինական հիմքէ եւ հաւաստիութենէ զուրկ է, եւ կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածի կամայական ու անճիշդ մեկնաբանութիւն մըն է, եւ այդ անհիմն պնդումներուն յստակ նպատակը Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան շարունակուող ոտնահարումը արդարացնելն է:
«Բռնագրաւող որեւէ երկիր չի կրնար ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը պատրուակել` արդարացնելու համար իր բռնագրաւումին ենթակայ հողերուն վրայ իր անօրինական արարքները», ըսաւ Իրանի դեսպանը:


