Ալիեւ. «Թուրքիան Մեր Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Երաշխաւորն Է»
Այսօր Թուրքիոյ խօսքը կը լսեն ամբողջ աշխարհի մէջ: Բազմաթիւ հարցեր, ոչ միայն մեր շրջանին մէջ, այլ նաեւ աշխարհի վրայ կախեալ են Թուրքիոյ դիրքորոշումէն: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս մասին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ բանակցութիւններէն ետք կատարուած մամլոյ յայտարարութեան մէջ: «Թուրքիան մեր շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ համագործակցութեան երաշխաւորն է», ըսած է...




















