Ռուսիոյ Եամալ-Նենեցեան ինքնավար շրջանի դաշնակցային քրէակատարողական ծառայութեան գրասենեակը իր կայքին վրայ կը յայտնէ, թէ ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնին մահացած է: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
Կը հաղորդուի, որ Նաւալնի զբօսանքէն ետք ինքզինք վատ զգացած է եւ գրեթէ անմիջապէս կորսնցուցած գիտակցութիւնը: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին զեկուցուած է Նաւալնիի մահուան մասին: