Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ օր յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ ահաբեկչական խմբաւորում կը հռչակէ Եմէնի` Իրանի հովանաւորութիւնը վայելող հուսիները, ինչին զուգահեռ համապատասխան պատժամիջոցներ պիտի հաստատուին: Այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Նշեալ որոշումին առնչուած հետագայ սահմանափակումները պիտի սկսին յայտարարութենէն 30 օր ետք: Միացեալ Նահանգներ այդ որոշումը որդեգրած են այն պատճառով, որ հուսիները վերջերս աննախադէպ յարձակումներ կը գործեն շրջանի առեւտրական նաւերուն եւ զանոնք պաշտպանել փորձող դաշնակից ուժերուն վրայ` մեծ խնդիրներ ստեղծելով համաշխարհային առեւտուրին համար:
«Այս սահմանափակումները կոչուած են ապահովելու պատասխանատուութիւնը խմբաւորման ահաբեկչական գործողութիւններուն համար: Եթէ հուսիները դադրեցնեն Կարմիր ծովու եւ Ատենի ծոցին մէջ յարձակումները, Միացեալ Նահանգներ վերատեսութեան պիտի ենթարկեն որոշումը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ որոշումը պիտի փորձէ խուսափիլ Եմէնի քաղաքային բնակչութեան համար բացասական հետեւանքներէն: Մասնաւորաբար, թոյլատրելի պիտի մնան պարենային ապրանքներու, դեղորայքի, վառելանիւթի մատակարարման, անձնական դրամական փոխանցումներու եւ նմանատիպ գործառնութիւնները: