Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դատապարտած է Կազայի Ռաֆահ քաղաքին մէջ Իսրայէլի գործողութիւնները, եւ զանոնք որակած «անմարդկային արարք», որ Իսրայէլի համար դարձած է «սովորական գործ»: Այս մասին կը հաղորդէ «Թէ. Ռէ. Թէ.ռաշըն»-ը:
«Մենք ըսած ենք, որ չենք կրնար զիջումներ կատարել մարդոց անվտանգութեան հարցին մէջ: Մարդկութիւնը պէտք է որքան կարելի է շուտ լսէ այս ճիչը: Այս ցեղասպանութեան մասին լռելը իր ետեւէն մեծ պատասխանատուութիւն եւ հետեւանքներ կը բերէ: Պատմութիւնը պիտի դատէ անոնք, որոնք աչք փակած են այս մարդոց բացայայտ սպանութեան վրայ: Անոնք, որոնք իրենց ստորագրութիւնը կը դնեն այս ցեղասպանութեան տակ, արդէն պատմութեան առջեւ մեղաւոր յայտարարուած են», ըսած է Էրտողան:
«Թուրքիան կը պաշտպանէ ոչ միայն պաղեստինցի եղբայրները, այլ նաեւ մարդու իրաւունքները, խաղաղութիւնը, միջազգային օրէնքը: Թուրքիան ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ իր անկեղծութիւնը», ըսած է ան` աւելցնելով, որ «համաշխարհային համակարգի արատաւոր կառուցուածքը» պէտք է փոխուի` հետագայ ջարդերը կանխարգիլելու համար: