Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցողը Ռուսիոյ համար կեանքի եւ մահուան հարց է, երկրի ճակատագիրն է, մինչդեռ Արեւմուտքի համար` միայն իրենց մարտավարական դիրքորոշումին հարցը: Այս մասին Փաւել Զարուպինի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Հարցազրոյցէն մէկ հատուած լրագրողը հրապարակած է իր թելեկրամեան ալիքին վրայ:
«Կը կարծեմ, որ մեզի համար, եւ առաւել եւս արտերկրի մէջ գտնուող ունկնդիրներու եւ ակնդիրներու համար, այնուամենայնիւ կարեւոր է հասկնալ մեր միտքի ուղին, հասկնալ մեր վիճակը, հասկնալ, թէ որքա՛ն զգայուն եւ կարեւոր հարց է մեր երկրին համար այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Ուքրանիոյ մէջ: Անոնց համար ասիկա իրենց մարտավարական դիրքի բարելաւումն է, սակայն մեզի համար ճակատագիր է, կեանքի եւ մահուան հարց է», ըսած է Փութին:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու շաբաթ օր Փութինին զեկուցած է «Աւտիյիվքա քաղաքի ռուսական բանակի լիակատար վերահսկողութեան տակ անցնելուն մասին»:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով` 31,75 քառակուսի քիլոմեթր տարածք անցած է ռուսական զօրքերու վերահսկողութեան տակ:
Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու նոր նշանակուած հրամանատար Ալեքսանտր Սիրսքի ուրբաթ օր յայտարարած էր, որ ուքրանական ստորաբաժանումները դուրս կը բերուին Աւտիյիվքա քաղաքէն:
Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն քոնկրեսականներուն կոչ ուղղած է` անյապաղ քննարկելու եւ որդեգրելու Ուքրանիոյ լրացուցիչ զինուորական օգնութիւն տրամադրելու մասին օրինագիծը:
Պայտըն նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ:
«Ուքրանացի զինուորները ստիպուած եղած են նահանջել Աւտիյիվքայէն, երբ Քոնկրեսի անգործութեան պատճառով ստիպուած եղած են նուազեցնել զինամթերքի օգտագործումը` մատակարարումներու կրճատման պատճառով», նշած է Պայտըն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին վստահութիւն յայտնած է, որ իր վարչակազմը պիտի կարենայ հասնիլ Քոնկրեսի` Քիեւին լրացուցիչ ֆինանսաւորման հաստատման: Ան միեւնոյն ժամանակ ըսած է, որ չի կրնար վստահ ըլլալ, որ մինչ այդ ուքրանական յաւելեալ քաղաքներ պիտի չանցնին Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ:
Քոնկրեսի ստորին պալատի կայքին վրայ հրապարակուած հանդիպումներու ժամանակացոյցի համաձայն, Ներկայացուցիչներու տունը այս հարցով լսումներ չի նախատեսեր մինչեւ 28 փետրուար:
Քոնկրեսի վերին պալատը` Ծերակոյտը նախապէս որդեգրած է 95 միլիառ տոլարի պաշտպանութեան լրացուցիչ ծախսերու մասին օրինագիծը, որ Քիեւին 60 միլիառ տոլար կը յատկացնէ, իսկ Իսրայէլին` 17,6 միլիառ տոլար:
Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Մայք Ճոնսըն, Մեքսիքայի հետ իր երկրին սահմանին վրայ որդեգրուած քայլերը խստացնելու հանրապետականներու պահանջներուն անտեսման պատճառով մերժած էր ներկայ տարազին մէջ որդեգրել նշեալ օրինագիծը:
«Ծերակոյտի արտաքին օժանդակութիւններուն շուրջ օրինագիծը լուռ կը մնայ մեր երկրին համար ամէնէն հրատապ խնդիրին նկատմամբ», նշած էր ան` ակնարկելով ապօրինի ներգաղթի խնդիրին:
Պորել. «Ուքրանիոյ Մարտադաշտին Մէջ
Կացութիւնը 3 Ամիսէն Կը Լուծուի»
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել կոչ ուղղած է մեծցնելու Քիեւին օգնութիւնը եւ զգուշացուցած, որ Ուքրանիոյ մէջ կացութիւնը երեք ամսուան ընթացքին պիտի լուծուի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտարարած է` Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:
Պորելի կարծիքով` Ուքրանիոյ մէջ կացութիւնը պիտի լուծուի մարտի դաշտին մէջ երեք ամսուան ընթացքին, ուստի ան խորհրդաժողովի մասնակիցներուն կոչ ուղղած է աւելի արագ որոշումներ տալու եւ աւելի աշխուժ կերպով օգնելու Քիեւին:
«Մենք այլեւս չենք կրնար ըսել` «սպասենք եւրոպական ընտրութիւններուն» կամ «կ՛ուզենք աւելի շատ մանրամասնութիւններ իմանալ»: Մենք պէտք է դառնանք աւելի արագ, աւելի վճռական, պատերազմական կացութեան մէջ կ՛ապրինք», ըսած է ան: