Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարած է, թէ Ուաշինկթըն պիտի դադրի Քիեւի ռազմավարական գործընկերը ըլլալէ, եթէ օգնութեան թղթածրարը չտրամադրէ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Ան Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը կենսական նկատած է Ուքրանիոյ համար` ընդգծելով, որ այլընտրանք չկայ:
«Մենք յոյս ունինք Քոնկրեսի դրական որոշումին վրայ, այս թղթածրարը մեզի համար կենսական նշանակութիւն ունի:
«Մենք այսօր այլընտրանք չենք քննարկեր, որովհետեւ մենք յոյս ունինք Միացեալ Նահանգներու վրայ` իբրեւ մեր ռազմավարական գործընկեր, որ անոնք պիտի մնան ռազմավարական գործընկեր:
«Եթէ մենք կը խօսինք այլընտրանքի մասին, ատիկա կը նշանակէ, որ անոնք մեր ռազմավարական գործընկերը չեն:
«Ահա թէ ինչու ես նման այլընտրանք չեմ նկատեր», ըսած է Զելենսքի` Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիսի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:


