Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին զեկուցած է Տոնեցքի մերձակայքը գտնուող Աւտիյիվքա բնակավայրը ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ առնելու մասին:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով` Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կը շարունակեն նահանջել: Ռուսիոյ զինեալ ուժերը հարուածներ հասցուցած են անոնց դիրքերուն ու յենակէտերուն, եւ կը շարունակեն յարձակողական գործողութիւնները:
Նախարարութեան տուեալներով, ռուսական կողմի վերահսկողութեան տակ անցած է 31,75 քառակուսի քիլոմեթր տարածք: Կը նշուի, որ Աւտիյիվքայի համար մղուող մարտերուն մէջ ուքրանական կողմի կորուստները միայն վերջին 24 ժամուան ընթացքին գերազանցած են 1500-ը:
«Քորրեսփոնտենթ» կը նշէ, որ «Թաւրիա» զօրքերու ռազմավարական խումբի հրամանատար Ալեքսանտր Թառնաւսքի յայտնած է, որ Աւտիյիվքայի ուղղութեամբ շրջափակման սպառնալիքի տակ գտնուող ուքրանական ստորաբաժանումները դուրս բերուած են նոր դիրքեր եւ կը շարունակեն մարտական առաջադրանքներ կատարել:
Ան ըսած է, որ այժմ չի կրնար նշել թիւը ուքրանացի զինուորներուն, որոնք գերի ինկած են Աւտիյիվքայէն հեռանալու ընթացքին:
«Գործողութեան կացութեան փոփոխութեամբ յառաջացած դժուար պայմաններուն մէջ գերեվարուած են շարք մը զինուորներ», ըսած է ան:


