Միջազգային

Մաքրոն Չի Բացառեր Եւրոպական Միութեան Երկիրներու Զօրքերու Ուքրանիոյ Մէջ Տեղակայումը

Մաքրոն Չի Բացառեր Եւրոպական Միութեան Երկիրներու Զօրքերու Ուքրանիոյ Մէջ Տեղակայումը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն չէ բացառած Եւրոպական Միութեան երկիրներու զօրքերու Ուքրանիոյ մէջ տեղակայումը: Այդ մասին Ֆրանսայի նախագահը յայտարարած է երկուշաբթի երեկոյեան Փարիզի մէջ` եւրոպական շուրջ երկու տասնեակ պետութիւններու հաւաքի աւարտին: «Այս պահուս Ուքրանիա զօրքեր ուղարկելու հարցին մէջ համախոհութիւն գոյութիւն չունի: Ոչինչ, սակայն, պէտք չէ բացառել: Մենք պիտի ընենք այն ամէնը, ինչ որ պարտաւոր ենք, որպէսզի Ռուսիան չյաղթէ», յայտարարած է Մաքրոն:...

Ուքրանիոյ Նախագահը Սէուտական  Արաբիա Կ՛այցելէ

Ուքրանիոյ Նախագահը Սէուտական Արաբիա Կ՛այցելէ

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի երէկ նախապէս չյայտարարուած այցելութեամբ հասաւ Սէուտական Արաբիա: Ուքրանիոյ նախագահը Ռիատի մէջ բանակցութիւններ պիտի վարէ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալմանի հետ: Զելենսքի «Թելեկրամ»-ի վրայ գրառում կատարելով պնդեց, որ կը պատրաստուի սէուտցի պաշտօնատարներու հետ քննարկել Քիեւի ներկայացուցած «Խաղաղութեան բանաձեւ»-ը, ինչպէս նաեւ այն դերակատարութիւնը, որ թագաւորութեան իշխանութիւնները կրնան խաղալ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ գերիներու փոխանակման հարցին մէջ: «Մենք...

Հունգարիան Վաւերացուց Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութեան Դիմումը

Հունգարիան Վաւերացուց Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութեան Դիմումը

Հունգարիոյ խորհրդարանը 26 փետրուարին քուէներու մեծամասնութեամբ վաւերացուցած է Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան դիմումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ դաշինքին Սթոքհոլմի անդամակցութեան թեր քուէարկած են Հունգարիոյ խորհրդարանի անդամներէն 188-ը, դէմ` վեցը: Հունգարիան ՕԹԱՆ-ի անդամ վերջին երկիրն էր, որ տակաւին չէր վաւերացուցած Շուէտի անդամակցութեան վերաբերեալ 2022 թուականի յուլիսի հինգին ստորագրուած արձանագրութիւնը:

Պաղեստինցիները Ռաֆահէն Տեղափոխելու  Իսրայէլեան Ծրագիր

Պաղեստինցիները Ռաֆահէն Տեղափոխելու Իսրայէլեան Ծրագիր

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակը քաղաքայինները Ռաֆահէն տեղափոխելու ծրագիր մը ներկայացուցած է, ինչպէս նաեւ համաձայն գտնուած է Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու ծրագիրին: Գրասենեակը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ ծրագիրին նպատակը քաղաքայինները զինուորական գործողութիւններու շրջանէն տեղափոխելն է, սակայն յաւելեալ մանրամասնութիւններ չհաղորդեց: Նաեւ կը նշուի, որ իսրայէլեան բանակի մարդասիրական օժանդակութիւններու բաժանման ծրագիրը «պիտի արգիլէ գողութիւնները»: Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան...

Միջերկրականի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Մեծ Ռազմափորձեր

Միջերկրականի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Մեծ Ռազմափորձեր

Միջերկրական ծովուն մէջ, Սիկիլիոյ ափերուն մօտ, 26 փետրուարի առաւօտեան սկսած են ՕԹԱՆ-ի երկիրներու «Տայնամիք Մանթա» ծովային ռազմափորձերը: Այս մասին կը հաղորդէ ՕԹԱՆ-ի Ծովային հրամանատարութիւնը: Կը նշուի, որ ՕԹԱՆ-ի տարեկան ռազմափորձերուն կը մասնակցին Թուրքիոյ, Քանատայի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Յունաստանի, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու զինուորներն ու մարտանաւերը: Ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին 7 սուզանաւեր, քանի մը վերջրեայ նաւեր, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու...

Ռամատանէն Առաջ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Երկու Շաբթուան Պայմանաժամ

Ռամատանէն Առաջ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Երկու Շաբթուան Պայմանաժամ

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան պատուիրակութիւն մը յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնի Քաթար` քննարկելու համար գերիներու փոխանակման գործարքի մանրամասնութիւնները` աւելցնելով, որ իսլամներու սրբազան ռամատան ամիսէն առաջ «պատանդներու ազատ արձակման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու երկու շաբթուան տեւողութեամբ մրցավազք գոյութիւն ունի»: Աղբիւր մը պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ գործարքին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու նկատմամբ «մեծ լաւատեսութիւն մը գոյութիւն ունի»` աւելցնելով. «Գոյութիւն ունի մեծ յառաջդիմութիւն...

Մաքրոն. «Ուքրանիան Ինքն Իր Եւ Եւրոպայի Համար  Կը Պայքարի, Եւ Անոր Կողքին Կանգնելու  Մեր Յանձնառութիւնը Պիտի Մնայ Անսասան»

Մաքրոն. «Ուքրանիան Ինքն Իր Եւ Եւրոպայի Համար Կը Պայքարի, Եւ Անոր Կողքին Կանգնելու Մեր Յանձնառութիւնը Պիտի Մնայ Անսասան»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն ընկերային ցանցերու ճամբով ռուս-ուքրանական պատերազմի սկիզբի երկամեակին առիթով յայտարարութիւն կատարելով յայտնեց. «Պատերազմի երկու տարիներ: Հարուածի եւ ռմբակոծման ենթարկուեցաւ, սակայն տակաւին կանգուն է»: «Ուքրանիան ինքն իր, իր բարձր իտէալներուն եւ Եւրոպայի համար կը պայքարի: Անոր կողքին կանգնելու մեր յանձնառութիւնը պիտի մնայ անսասան», նշեց Մաքրոն: Իտալիոյ, Քանատայի եւ Պելճիքայի վարչապետներ Ճիորճա Մելոնի, Ճասթին Թրուտօ եւ Ալեքսանտր Տը Քրուա...

Սպիտակ Տուն. «Նետերլանտներու Վարչապետ  Ռիւթէն ՕԹԱՆ-ի Հիանալի Նոր Ընդհանուր Քարտուղար Կ՛ըլլայ»

Սպիտակ Տուն. «Նետերլանտներու Վարչապետ Ռիւթէն ՕԹԱՆ-ի Հիանալի Նոր Ընդհանուր Քարտուղար Կ՛ըլլայ»

Միացեալ Նահանգներ իրենց դաշնակիցներուն ըսած են, որ Նետերլանտներու գործող վարչապետ Մարք Ռիւթէն ՕԹԱՆ-ի հիանալի նոր ընդհանուր քարտուղար պիտի դառնայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներու համար առցանց մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի: «Միացեալ Նահանգներ իրենց դաշնակիցներուն հասկցուցած են, որ մենք կը կարծենք, թէ պարոն Ռիւթէն ՕԹԱՆ-ի հիանալի...

Սպիտակ Տուն. «Բանակցութիւններուն Ընթացքը Լաւ Է»

Սպիտակ Տուն. «Բանակցութիւններուն Ընթացքը Լաւ Է»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթի հետ քննարկած է Կազայի հարաւը գտնուող Խան Եունեսի մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւնները: Ըստ Փենթակոնի հաղորդագրութեան, Օսթին շեշտած է, որ Իսրայէլ «կարիքը ունի Ռաֆահի մէջ որեւէ զինուորական գործողութիւն սկսելէ առաջ այդտեղ ապաստանած աւելի քան մէկ միլիոն անձերու անվտանգութիւնն ու...

Միշել. «Ուքրանիոյ Ճակատագիրը  Եւրոպական Միութեան Մէջ Է»

Միշել. «Ուքրանիոյ Ճակատագիրը Եւրոպական Միութեան Մէջ Է»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի զրուցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ, շնորհակալութիւն յայտնած Եւրոպական Միութեան աջակցութեան, ներառեալ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 13-րդ թղթածրարը հաստատելու համար: «Մենք նաեւ վերահաստատեցինք Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններու արագ մեկնարկի կարեւորութիւնը, ինչպէս համաձայնուած էր անցեալ դեկտեմբերին», ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը: Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարը իր կարգին ընդգծած է Եւրոպական Միութեան կողմէ ֆինանսական եւ զինուորական «երկաթեայ...

Կանց. «Գերիներու Փոխանակման Նոր Գործարքի Գործադրման Հաւանականութեան Նախնական Դրական Ցուցանիշեր Կան»

Կանց. «Գերիներու Փոխանակման Նոր Գործարքի Գործադրման Հաւանականութեան Նախնական Դրական Ցուցանիշեր Կան»

Մինչ Իսրայէլ կը սպառնայ 1,5 միլիոն գաղթականներ պատսպարող Ռաֆահ քաղաքին դէմ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծել, Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանց յայտնեց, որ գերիներու փոխանակման նոր գործարքի գործադրման հաւանականութեան դրական նախնական ցուցանիշեր կան: Ան ըսաւ, որ գերիներու փոխանակման նոր գործարքի համաձայնութեան չգոյութեան պարագային, իսրայէլեան բանակը ռամատան ամսուան ընթացքին պիտի շարունակէ իր գործողութիւնները: «Արապիա»-ի աղբիւրները յայտնեցին, որ Համասի քաղաքական գրասենեակի...

Մետվետեւ. «Ռուսիան Պէտք Է Ամբողջովին  Ապահովէ Իր Շահերը, Ներառեալ  Պաշտպանական Շղթայի Ստեղծումը»

Մետվետեւ. «Ռուսիան Պէտք Է Ամբողջովին Ապահովէ Իր Շահերը, Ներառեալ Պաշտպանական Շղթայի Ստեղծումը»

Ռուսիան պէտք է ամբողջովին ապահովէ իր շահերը, ներառեալ «պաշտպանական շղթայ»-ի ստեղծումը, որ պիտի ապահովագրէ ռուսական հողերուն դէմ տարբեր ոտնձգութիւններէն` թէ՛ հրետակոծութենէն, թէ՛ ալ յարձակողական գործողութիւններէն. միայն անոնցմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ Հիւսիսային զինուորական շրջանի խնդիրները աւարտած նկատել: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս կարծիքը յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ: «Մենք պէտք է ամբողջովին ապահովենք մեր շահերը, ի՞նչ...

Ազրպէյճանն Ու Միացեալ Նահանգները  Կը Քննարկեն Ուժանիւթի Ոլորտին Մէջ  Համագործակցութեան Ընդլայնումը

Ազրպէյճանն Ու Միացեալ Նահանգները Կը Քննարկեն Ուժանիւթի Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Ընդլայնումը

Ազրպէյճանի ուժանիւթի նախարար Փարվիզ Շահպազով Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի օգնական Սառա Լատիսլաւի հետ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ազրպէյճանական կողմին համաձայն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են շրջանային ու միջազգային նշանակութեան ուժանիւթի նախագիծերու իրականացման երկարաժամկէտ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Ըստ հաղորդագրութեան, ընդգծուած է Հարաւային կազային միջանցքի դերը: Հարաւային կազային միջանցքը կառուցուած է Եւրոպական Միութեան կազամատակարարումը բազմազանեցնելու եւ մատակարարման...

Քոպախիծէ. «Վրաստան 2030 Թուականին Պատրաստ  Պիտի Ըլլայ Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու»

Քոպախիծէ. «Վրաստան 2030 Թուականին Պատրաստ Պիտի Ըլլայ Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու»

Վրաստանը 2030 թուականին պատրաստ պիտի ըլայ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Պրիւքսելի մէջ այս մասին ըսած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ: «Մէկ բան կարելի է ըսել` մենք յաւակնոտ ծրագիրներ ունինք Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան համարկուելուն համար: 2030 թուականին, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը կոչեց ընդլայնման տարի, Վրաստանը միւս թեկնածու երկիրներուն համեմատած աւելի պատրաստ պիտի ըլլայ անդամակցութեան:...

Գահիրէի Մէջ.  Կազայի Մէջ Հանդարտեցման Նոր Ուղի Մը Կը Քննարկուի

Գահիրէի Մէջ. Կազայի Մէջ Հանդարտեցման Նոր Ուղի Մը Կը Քննարկուի

Պաղեստինեան խմբաւորումներէն աղբիւրներ յայտնեցին, որ Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ կը քննարկուի Կազայի մէջ տիրող կացութեան հանդարտեցման նոր ուղի մը, որ 45 օր տեւողութեամբ զինադադար եւ իւրաքանչիւր ազատ արձակուող իսրայէլացիի դիմաց յաւելեալ օր երկարաձգում կը ներառէ: Կազայէն դուրս գտնուող նշեալ աղբիւրները Արաբական աշխարհի լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ նոր ուղին նաեւ առաջին փուլին ժամանակաւոր զինադադարէն ետք մնայուն զինադադարի քննարկում կ՛առաջարկէ: Կ՛առաջարկուի...

Դամասկոսի Քաֆարսուսա Շրջանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Դամասկոսի Քաֆարսուսա Շրջանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Դամասկոսի բնակուած Քաֆարսուսա շրջանը ենթարկուած է իսրայէլեան յարձակումի: Իսրայէլեան օդանաւեր բռնագրաւեալ Կոլանի ուղղութենէն հրթիռներ արձակած են «եւ փորձած մայրաքաղաք Դամասկոսի մերձակայքին մէջ կարգ մը դիրքեր հարուածել»: Սուրիական պետական լրատուամիջոցներ նշեցին, որ յարձակումին պատճառով 2 անձեր մահացած են եւ ուրիշներ վիրաւորուած: Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանի տնօրէնը հաղորդեց, որ Քաֆարսուսա շրջանի ռմբակոծումը մահափորձ էր եւ ոչ թէ...

Պրազիլի Նախագահը Չի Պատրաստուիր Իսրայէլէն Ներողութիւն Խնդրելու

Պրազիլի Նախագահը Չի Պատրաստուիր Իսրայէլէն Ներողութիւն Խնդրելու

Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Մաորօ Վիէյրա իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եիսրայէլ Քացը «ստախօսութեամբ» ամբաստանեց: «Եիսրայէլ Քացի յայտարարութիւնները իրենց բնոյթով անընդունելի են եւ բովանդակութեամբ սուտ, ինչպէս նաեւ վիճելի են»: Ան ըսաւ, որ Պրազիլի նախագահ Լուիս Ինասիօ Լուլա տա Սիլվան չի կրնար ետդարձ կատարել իրողութիւն եղող բանէ մը, որ Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումն է, եւ իսրայէլեան կառավարութիւնը տեղեակ պահուած է, որ Պրազիլ դիւանագիտութեան...

Փենթակոն. «Եթէ Ուաշինկթըն Նոր Օգնութիւն Չյատկացնէ, Ուքրանիոյ Բանակը Պէտք Է Որոշէ, Թէ Ո՛ր Քաղաքները Կրնայ Իր Ներուժով Պահպանել»

Փենթակոն. «Եթէ Ուաշինկթըն Նոր Օգնութիւն Չյատկացնէ, Ուքրանիոյ Բանակը Պէտք Է Որոշէ, Թէ Ո՛ր Քաղաքները Կրնայ Իր Ներուժով Պահպանել»

Առանց Միացեալ Նահանգներու նոր օգնութեան, Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը պէտք է որոշեն, թէ ո՛ր քաղաքները կրնան իրենց ունեցած ներուժով պահել: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Փենթակոնի բանբերի տեղակալ Սապրինա Սինկ: «Եթէ յաւելեալ ֆինանսաւորման խնդրանքը չհաստատուի (Քոնկրեսին կողմէ, «Ա.»), Ուքրանիան պէտք է ընտրութիւն կատարէ եւ որոշում տայ, թէ ո՛ր քաղաքները կրնայ պահել իր ունեցած ներուժով եւ այն ինչով, որ գործընկերները...

Հունգարիոյ Խորհրդարանը Երկուշաբթի Օր Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Շուրջ Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ

Հունգարիոյ Խորհրդարանը Երկուշաբթի Օր Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Շուրջ Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ

Հունգարիոյ իշխող կուսակցութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է. «Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը տակաւին արգելակող վերջին պետութեան` Հունգարիոյ խորհրդարանը երկուշաբթի օր հարցին շուրջ քուէարկութեան նիստ պիտի գումարէ»: Ան աւելցուց, որ իր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը թեր պիտի քուէարկէ: «Ֆիտես» կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի ղեկավար Մաթէ Քոքսիս յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահէն պահանջած է, որ «26 փետրուար 2024-ի նիստը իր օրակարգին վրայ ներառէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի դաշինքին...

Իսրայէլեան Բանակը Ռաֆահի Մէջ Ցամաքային Գործողութեան Սկսելու Վերաբերեալ Իր Դիրքորոշման Վճռումին Կը Մօտենայ

Իսրայէլեան Բանակը Ռաֆահի Մէջ Ցամաքային Գործողութեան Սկսելու Վերաբերեալ Իր Դիրքորոշման Վճռումին Կը Մօտենայ

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը զինուորական պաշտօնատարներու խօսքեր մէջբերելով հաղորդեց, որ «Խան Եունեսի մէջ ցամաքային գործողութեան աւարտի մօտալուտութեան վերաբերեալ գնահատականներ» գոյութիւն ունին` աւելցնելով. «Բանակը Ռաֆահի մէջ ցամաքային գործողութեան սկսելու վերաբերեալ իր դիրքորոշման վճռումին կը մօտենայ»: «Աքսիոս», վկայակոչելով իսրայէլացի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ, հաղորդեց, որ  Ռաֆահ քաղաքին մէջ իսրայէլեան բանակի գործողութիւնը կրնայ սկսիլ ապրիլի կէսերուն` իսլամներու համար սուրբ եղող ռամատան ամսուան աւարտէն ետք:...

Page 166 of 882 1 … 165 166 167 … 882

Արխիւներ