Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քըրպի. «Աւտիյիվքան Հաւանաբար Շուտով Անցնի Ռուսիոյ Վերահսկողութեան Տակ»

February 17, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն մէջ զինամթերքի բացակայութեան պատճառով Տոնեցքի շրջանի Աւտիյիվքա քաղաքին մէջ ճգնաժամային կացութիւն է, հաւանաբար է քաղաքը անցնի ռուսական վերահսկողութեան տակ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ուաշինկթընի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը նախապէս,  վկայակոչելով ուքրանացի զինուորները, հաղորդած էր, որ Ուքրանիան սկսած է զօրքերու մասնակի դուրսբերումը քաղաքէն` նշելով, որ Աւտիյիվքայի անկումը «ժամանակի հարց է»:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին երէկ հաղորդեց. «Ուքրանական բանակը հեռացաւ Աւտիյիվքա քաղաքին մեծ բաժիններէն, եւ քաղաքին ռուսական ուժերուն կողմէ ստանձնումը ժամանակի հարց է»:

«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց. «Ուքրանական բանակը կը յայտնէ, թէ Աւտիյիվքայի մէջ բուռն մարտեր տեղի կ՛ունենան»:

Ըստ ռուսամէտ թելեկրամեան ալիքներու, ուքրանացի զինուորները կորսնցուցած են վերահսկողութիւնը քաղաքի շարք մը դիրքերուն վրայ, եւ ռուսական զօրքերը գրաւած են Աւտիյիվքայի գլխաւոր մուտքը եւ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումը:

Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտը յայտնած է, որ վերջին 24 ժամուան մէջ Աւտիյիվքայի շրջանին մէջ  ռուսական 34 յարձակում տեղի ունեցած է:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն արձագանգած է այն փաստին, որ Ներկայացուցիչներու տունը արձակուրդի գացած է` առանց Ուքրանիոյ օգնութիւն տրամադրող օրինագիծի քուէարկութեան:

Պայտըն «Էքս»-ի վրայ գրած է. «Այս վճռական պահուն Ուքրանիոյ աջակցութեան ձախողումը երբեք պիտի չմոռցուի»:

Ներկայացուցիչներու տունը արձակուրդի գացած է մինչեւ փետրուարի վերջ` առանց քուէարկելու նախապէս Ծերակոյտին որդեգրած օրինագիծը, որ Ուքրանիոյ 60 միլիառ տոլարի օգնութիւն կը ներառէ: Նոյն օրինագիծի ծիրին մէջ, Իսրայէլ պէտք է 17,6 միլիառ տոլար ստանայ:

Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Մայք Ճոնսըն մերժած էր ներկայ տարազին մէջ նշեալ օրինագիծը` ապօրինի գաղթականներու ներհոսքը կանխարգիլելու համար Մեքսիքայի հետ իր երկրին սահմանին վրայ որդեգրուած քայլերը խստացնելու հանրապետականներու պահանջներուն անտեսման պատճառով:

«Ծերակոյտի արտաքին օժանդակութիւններուն շուրջ օրինագիծը լուռ կը մնայ մեր երկրին համար ամէնէն հրատապ խնդիրին նկատմամբ», նշած էր ան` ակնարկելով ներգաղթի խնդիրին:

 

Նախորդը

Էրտողան. «Ցեղասպանութեան Մասին Լռելը Իր Ետեւէն Մեծ Պատասխանատուութիւն Եւ Հետեւանքներ Կը Բերէ»

Յաջորդը

Պլինքըն Իսրայէլի Եւ Համասի Միջեւ Նոր Գործարքի Մը Շուրջ Համաձայնութիւնը Հաւանական Կը Նկատէ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.