Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլինը Մերժած Է Նաւալնիի Մահուան Վերաբերեալ Միջազգային Հետաքննութիւնը

February 21, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան չի պատրաստուիր անկախ միջազգային հետաքննութիւն կատարելու ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի մահուան շուրջ: «Մոսքօ Թայմզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ Մոսկուան պէտք է Նաւալնիի յանկարծակի մահուան հանգամանքներու անկախ եւ թափանցիկ միջազգային հետաքննութիւն արտօնէ:

«Մենք ընդհանրապէս չենք ընդունիր նման պահանջները, յատկապէս պարոն Պորելի կողմէ», ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի ըսած է Փեսքով:

Ան նախապէս նշած էր, որ Մոսկուան անընդունելի կը նկատէ արեւմտեան քաղաքական գործիչներու յայտարարութիւնները, որովհետեւ Նաւալնիի մահուան վերջնական փորձաքննութիւն չկայ:

«Տէօչէ Վելլէ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը սերտեն Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու կարելիութիւնը` ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի մահուան առնչուած:

«Մենք արդէն ունինք պատժամիջոցներ, սակայն մենք կը սերտենք լրացուցիչ պատժամիջոցներ, այո», ըսած է Պայտըն` պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն հարցումին:

Յիշեցնենք, որ 16 փետրուարին, երբ Ռուսիոյ քրէակատարողական ծառայութեան մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակեց Նաւալնիի մահուան լուրը, Պայտըն չնախատեսուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած էր, որ ընդդիմադիր գործիչին մահուան պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

Միեւնոյն ժամանակ, լրագրողները Պայտընին յիշեցուցած են 2021-ին անոր կատարած յայտարարութիւնը, որ Ալեքսէյ Նաւալնիի մահուան պարագային Ռուսիոյ եւ Փութինին կը սպասեն «կործանարար հետեւանքներ», եւ խնդրած են բացատրել, թէ այժմ ի՛նչ հետեւանքներ պիտի ըլլան:

Պայտըն նշած է, որ կը քննարկուի «տարբերակներու ամբողջ շրջանակը»:

Նաւալնիի մամլոյ քարտուղար Քիրա Եարմիշ «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց, որ քննիչները Ալեքսէյ Նաւալնիի փաստաբաններուն եւ մօրը ըսած են, որ պիտի չյանձնեն անոր դիակը:

«Դարձեալ կ՛ըսեմ` Նաւալնիի մարմինը պահած են սպանութեան հետքերը թաքցնելու համար: 14-օրեայ «քիմիական փորձարկումը» բացայայտ սուտ ու ծաղր է», գրած է ան:

Նաւալնիի մայրը` Լիւտմիլա Նաւալնայան տեսաուղերձ մը հրապարակելով դիմած է Փութինին. «Արդէն հինգերորդ օրն է` չեմ կրնար տեսնել զինք, ինծի չեն տար անոր մարմինը եւ նոյնիսկ չեն ըսեր, թէ ո՛ւր է: Ես կը դիմեմ ձեզի, Վլատիմիր Փութին, հարցի լուծումը միայն ձեզմէ կախեալ է: Արտօնեցէ՛ք, որ վերջապէս տեսնեմ որդիս: Կը պահանջեմ, որ Ալեքսէյի մարմինը անյապաղ յանձնեն, որպէսզի մարդուն վայել յուղարկաւորեմ զինք»:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանան Շահեցաւ «Պէյրութ Բաժակ» Մրցաշարքը

Յաջորդը

Ալիեւ. «Թուրքիան Մեր Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Երաշխաւորն Է»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.