Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն Իսրայէլի Եւ Համասի Միջեւ Նոր Գործարքի Մը Շուրջ Համաձայնութիւնը Հաւանական Կը Նկատէ

Փետրուար 17, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն համոզուած է, որ հաւանական է Իսրայէլի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումին միջեւ նոր համաձայնագիր, որ կը նախատեսէ Կազայի մէջ մարտերու նոր դադար եւ պատանդներու ազատ արձակում:

«Մենք Քաթարէն, Եգիպտոսէն, Իսրայէլէն գործընկերներու հետ այժմ կ՛աշխատինք այս շատ աշխուժ աշխատանքին վրայ, որպէսզի փորձենք համաձայնութիւն գտնել: Եւ ես կը հաւատամ, որ ատիկա կարելի է», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ յունուարի վերջին Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի, Իսրայէլի եւ Քաթարի ներկայացուցիչները հանդիպած էին Փարիզի մէջ եւ ձեւակերպած Համասի ու Իսրայէլի միջեւ նոր համաձայնագիրի հիմքը, որ կը նախատեսէ Համասի կողմէ իսրայէլացի գերիներու փուլային փոխանակում պաղեստինցի բանտարկեալներու հետ, զինուորական գործողութիւններու դադրեցում եւ Կազա մարդասիրական օգնութեան մատակարարում:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ Իսրայէլ կտրուկ կերպով կը մերժէ պաղեստինցիներու հետ մնայուն խաղաղ լուծման համար միջազգային ճնշումը եւ համոզուած է, որ նման համաձայնութեան կարելի է հասնիլ միայն կողմերուն միջեւ ուղիղ բանակցութիւններու միջոցով:

«Իսրայէլ կտրուկ կերպով կը մերժէ պաղեստինցիներու հետ մնայուն կարգաւորման համար միջազգային ճնշումը: Նման համաձայնութիւն ձեռք պիտի բերուի միայն կողմերուն միջեւ ուղիղ բանակցութիւններու միջոցով` առանց նախապայմաններու», ըսած է ան` «Էքս»-ի իր էջին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

Նեթանիահուի համաձայն, «Իսրայէլ պիտի շարունակէ դէմ ըլլալ Պաղեստին պետութեան միակողմանի ճանաչման, որովհետեւ Համասի 7 հոկտեմբերի յարձակումէն ետք այդ քայլը «պիտի պարգեւատրէ աննախադէպ ահաբեկչութիւնը եւ պիտի կանխարգիլէ ապագայ որեւէ խաղաղ լուծում»:

Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հակադարձեց Նեթանիահուին` յայտնելով. «Պաղեստինի պետութիւնը Նեթանիահուին պարգեւը չէ, այլ իրաւունք, որ պարտադրուած է միջազգային օրէնքով եւ միջազգային օրինականութեան բանաձեւերով»:

Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն հինգշաբթի երեկոյեան Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին զգուշացուցած է առանց քաղաքայիններու անվտանգութիւնը ապահովելու ծրագիրի մը գոյութեան Իսրայէլի կողմէ Ռաֆահ քաղաքի դէմ գործողութեան շղթայազերծումէն:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Նեթանիահու լքած է իսրայէլեան նախարարաց խորհուրդի նիստը` Պայտընի հետ 40 վայրկեան տեւողութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն կատարելու համար:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին յայտնեց, որ զրոյցը կեդրոնացած է գերիներու ազատ արձակման բանակցութիւններուն եւ Ռաֆահի մէջ հաւանական զինուորական գործողութեան վրայ: Պատկերասփիւռի կայանը նախապէս հաղորդած էր, որ Նեթանիահու «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնին յայտնած է, որ Համաս պէտք է հրաժարի իր ոչ իրատեսական պահանջներէն, այլապէս անկարելի պիտի ըլլայ յառաջ ընթանալ:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հրապարակեց հարցախոյզի մը արդիւնքը, որուն հիմամբ իսրայէլացիներուն 45 առ հարիւրը դէմ են բանակցելու համար Գահիրէ պատուիրակութիւն ուղարկելու Նեթանիահուի որոշումին, իսկ 33 առ հարիւրը` թեր:

«Նիւ Եորք Թայմզ», վկայակոչելով արբանեակային լուսանկարները եւ շինարարութեան մասնակիցները, կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի իշխանութիւնները սկսած են պատ կառուցել Կազայի հարաւային սահմանին` Ռաֆահ քաղաքին մօտ, ուր իսրայէլեան բանակը զինուորական գործողութիւն շղթայազերծելու կը պատրաստուի: Լուսանկարներու վերլուծումը ցոյց կու տայ, որ աշխատանքները սկսած են շուրջ 5 փետրուարին:

Կապալառուն եւ ճարտարապետները օրաթերթին պատմած են, որ եգիպտական բանակը իրենց յանձնարարած է 5 մեթր բարձրութեամբ շաղախէ պատ կառուցել` 5 քառակուսի քիլոմեթրնոց հողատարածքը ծածկելու համար:

Միւս կողմէ, Համասէն ղեկավար մը «Արապի» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ անցնող օրերուն Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի եւ պաղեստինցի նախկին ղեկավար Մոհամետ Տահլանի միջեւ հաղորդակցութիւն եւ հանդիպում տեղի ունեցած է, «եւ պատրաստ չենք խօսակցութեան մանրամասնութիւնները բացայայտելու»:

«Կազայի վրայ յարձակումի դադրեցումէն ետք պաղեստինեան ընդհանուր ընտրութիւններ կատարելու կոչ կ՛ուղղենք եւ քաղաքական խզումին չենք զօրակցիր», նշած է ան` աւելցնելով. «Բացի իսրայէլացի թշնամիէն որեւէ կողմի հետ ուղղակի բանակցութիւններու դուռը պիտի չփակենք»:

Չորս աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Եգիպտոս սկսած է Կազայի հետ սահմանին վրայ պատրաստել շրջան մը, որ կրնայ պաղեստինցի գաղթականներ պատսպարել, եթէ Ռաֆահ  քաղաքին վրայ իսրայէլեան յարձակում մը սահմանէն անդին զանգուածային տեղահանութեան յանգեցնէ: Աղբիւրները այդ քայլը որակած են Գահիրէի կողմէ նախազգուշական քայլ:

Աղբիւրները աւելցուցած են, որ Եգիպտոս լաւատես է, որ զինադադարի հաստատման բանակցութիւնները կրնան այդպիսի դիպաշար մը կանխարգիլել, սակայն սահմանին վրայ շրջանի ստեղծման ծրագիրին ուղղութեամբ կ՛աշխատի իբրեւ «ժամանակաւոր եւ նախազգուշական քայլ»:

Նախորդը

Քըրպի. «Աւտիյիվքան Հաւանաբար Շուտով Անցնի Ռուսիոյ Վերահսկողութեան Տակ»

Յաջորդը

Ռուս Ընդդիմադիր Գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնին Բանտին Մէջ Մահացաւ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի  Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»
Միջազգային

Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?