Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Կառավարութիւնը Միաձայնութեամբ Որդեգրեց Պաղեստինեան Պետութեան Միակողմանի Ճանաչումը Մերժող Նախագիծը

Փետրուար 19, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան կառավարութիւնը երէկ միաձայնութեամբ որդեգրեց Պաղեստինեան պետութեան միակողմանի ճանաչումը մերժող նախագիծը: Այս մասին հաղորդեց Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նախքան այդ յայտարարեց, որ Իսրայէլ կտրուկ կերպով կը մերժէ պաղեստինցիներուն հետ մնայուն լուծման վերաբերեալ միջազգային ցուցմունքները` նշելով, որ այդպիսի լուծում մը պիտի իրագործուի միայն երկու կողմերուն միջեւ ուղիղ եւ առանց նախապայմաններու բանակցութիւններու միջոցով:

Նեթանիահու իսրայէլեան կառավարութեան երէկուան նիստի ընթացքին շեշտեց, որ Իսրայէլ պիտի շարունակէ ընդդիմանալ պաղեստինեան պետութեան միակողմանի ճանաչումին` նշելով, որ 7 հոկտեմբերէն ետք այդպիսի ճանաչում մը պիտի արգիլէ ապագային որեւէ խաղաղ լուծման գոյացումը եւ ահաբեկչութեան վարձատրութիւն պիտի ըլլայ:

Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Էլի Քոհեն յայտնեց, որ կը մերժէ Իսրայէլի եւ արաբական պետութիւններուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնութիւններու ընդլայնման դիմաց պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը: «Եթէ խաղաղութեան համաձայնութիւններու ընդլայնման գինը պաղեստինեան պետութիւնն է, ապա ես կը հրաժարիմ խաղաղութեան համաձայնութիւններէն», նշեց Քոհեն:

Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկ Սէուտական Արաբիոյ կոչ ուղղեց` բնականոնացնելու իր երկրին հետ յարաբերութիւնները, որովհետեւ ատիկա, ըստ անոր, պաղեստինեան Համաս շարժումին վրայ յաղթանակի համազօր պիտի ըլլայ:

Նախքան այդ, իսրայէլեան «Եիսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը, մէջբերելով քաղաքական աղբիւր մը, հաղորդած էր, որ Նեթանիահու կը սերտէ պաղեստինեան պետութեան Միացեալ Նահանգներու կողմէ միակողմանի ճանաչումը ընդունիլը, պայմանով որ անիկա Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերուն մէջ յառաջընթացի յանգեցնէ:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց, որ եւրոպացիները Միջին Արեւելքի մէջ լուծման իրենց պատկերացումին մէջ պէտք է աւելի միասնական ըլլան:

Պորելի կարծիքով` պէտք է աջակցիլ Միջին Արեւելքի մէջ լուծման Արաբական նախաձեռնութեան` նշելով, որ պէտք է ջատագովել համապարփակ քաղաքական լուծում մը, որ Այսրյորդանանն ու Կազան կը ներառէ:

Ան նաեւ նշեց, որ Այսրյորդանանի մէջ պաղեստինցիներու դէմ բռնարարքները մեծ մագլցում կ՛արձանագրեն, եւ յայտարարեց, որ Կարմիր ծովուն մէջ նաւարկման պաշտպանութեան եւրոպական առաքելութիւնը ընթացք պիտի առնէ այսօր:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան պաշտօնատար մը իր կարգին նշեց. «Կարելի չէ Համասի գաղափարը սպաննել, սակայն պէտք է անոր այլընտրանքը ապահովել»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի, որ Միւնիխի մէջ անվտանգութեան խորհրդաժողովին կը մասնակցի, յայտնեց. «Տեղահանուեցան պաղեստինցի ժողովուրդէն սերունդներ, որոնք մինչեւ մեր այս օրը անկարող են իրենց տուները վերադառնալ»:

«Պէտք է երկու պետութիւններու ստեղծման սկզբունքով մնայուն լուծում գոյացնել, եւ այդ ատեն Իսրայէլ կրնայ իր անվտանգութիւնը ապահովել», նշեց չինական դիւանագիտութեան պետը` շեշտելով. «Կազայի մէջ մարդասիրական տագնապի շարունակումը պիտի չարտօնենք»:

Միւս կողմէ, Պաղեստինցի գերիներու եւ ազատագրուած գերիներու հարցերու մարմինի նախագահ Քատուրա Ֆարես յայտնեց, որ իսրայէլեան բանտերու վարչութիւնը Ֆաթհ շարժումի ղեկավարներէն Մարուան Պարղութին Ռիմոնիմ բանտի մեկուսարանէն փոխադրած է Ռամլէ բանտի մեկուսարան:

Նշենք, որ արեւմտեան լաւատեղեակ աղբիւր մը վերջերս «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էր, թէ իսրայէլեան արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի տնօրէն Տաւիտ Պեռնաղ կտրուկ կերպով մերժած է պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումի ղեկավարներէն, երկրորդ ինթիֆատան ղեկավարած եւ այդ պատճառով ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած Մարուան Պարղութին ազատ արձակելու պահանջը` նշելով, որ ատիկա կարմիր գիծ է:

Բարձրաստիճան աղբիւր մը եգիպտական «Քահիրա Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Եգիպտոս Արդարադատութեան միջազգային դատարանին բողոքագիր ներկայացուցած է պաղեստինեան բռնագրաւեալ հողերուն վրայ իսրայէլեան արարքներուն դէմ` աւելցնելով, որ Եգիպտոս դատարանին առջեւ իր հայցը պիտի ներկայացնէ 21 փետրուարի նիստի ընթացքին:

Բարձրաստիճան աղբիւրը նաեւ նշած է, որ Եգիպտոս պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 1967 թուականէն սկսեալ իսրայէլեան արարքներուն շուրջ Արդարադատութեան միջազգային դատարանէն պահանջած խորհրդատուական կարծիքի նիստին:

Պրազիլի նախագահ Լուիս Ինիասիօ Լուլա տա Սիլվա Ատիս Ապապայի մէջ Ափրիկեան միութեան խորհրդաժողովի ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց. «Այն ինչ որ Կազայի մէջ տեղի կ՛ունենայ պատերազմ չէ, ցեղասպանութիւն է»: Ան աւելցուց.  «Այն ինչ որ Կազայի մէջ պաղեստինցի ժողովուրդին կը պատահի, պատմութեան մէջ որեւէ այլ ժամանակ տեղի չէ ունեցած, իրականութեան մէջ, պատահած է, երբ Հիթլեր որոշեց հրեաները սպաննել»:

Ան շեշտեց, որ Կազայի մէջ ցեղասպանութիւնը զինուոր զինուորի դէմ պատերազմ չէ, այլ մէկ կողմէ բանակի եւ միւս կողմէ կիներու եւ մանուկներու միջեւ պատերազմ:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց յայտարարեց, որ այսօր իր մօտ պիտի կանչէ Պրազիլի դեսպանը` բողոքելու համար Պրազիլի նախագահի յայտարարութիւններուն դէմ` նշելով. «Ոչ ոք պիտի սահմանափակէ Իսրայէլի` ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքը»:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Եմէնի Հուսիները Ահաբեկիչ Հռչակեց

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?