Այսօր Թուրքիոյ խօսքը կը լսեն ամբողջ աշխարհի մէջ: Բազմաթիւ հարցեր, ոչ միայն մեր շրջանին մէջ, այլ նաեւ աշխարհի վրայ կախեալ են Թուրքիոյ դիրքորոշումէն:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս մասին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ բանակցութիւններէն ետք կատարուած մամլոյ յայտարարութեան մէջ:
«Թուրքիան մեր շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ համագործակցութեան երաշխաւորն է», ըսած է Ալիեւ:
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Էրտողանի եւ Ալիեւի միջեւ բանակցութիւններու աւարտէն ետք ստորագրուած է 3 համաձայնագիր: Կողմերը համաձայնագիրներ ստորագրած են հարկային, անասնաբուժական եւ բարձրագոյն կրթութեան ոլորտներուն մէջ:
Թուրքիոյ բարձրագոյն կրթութեան խորհուրդի եւ Ազրպէյճանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան միջեւ թուրք-ազրպէյճանական համալսարան ստեղծելու մասին փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած են Թուրքիոյ Բարձրագոյն կրթութեան խորհուրդի նախագահ, փրոֆ. Էրոլ Էօզվարը եւ Ազրպէյճանի գիտութեան եւ կրթութեան նախարար Էմիր Էմրուլլայեւը:
Անասնաբուժութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիր ստորագրած են Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան եւ անտառային տնտեսութեան նախարար Իպրահիմ Եումաքլըն եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը:
Եկամտային հարկերու կրկնակի հարկումը կանխարգիլելու եւ հարկերէն խուսափիլը կանխարգիլելու մասին համաձայնագիրը ստորագրած են Թուրքիոյ ելեւմուտքի եւ գանձապետարանի նախարար Մեհմետ Շիմշեքը եւ Ազրպէյճանի տնտեսութեան նախարար Միքայիլ Ճապպարովը: