Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի կարծիքով, ներկայիս միջազգային յարաբերութիւններու համակարգը երկիրներուն կը ձգէ ընտրութեան երկու կարելիութիւն` ըլլալ բանակցային սեղանի շուրջ կամ ներառուիլ ճաշացուցակի վրայ:
«Եթէ միջազգային (յարաբերութիւններու) համակարգին մէջ դուք (բանակցային) սեղանի շուրջ էք, ուրեմն պիտի յայտնուիք ճաշացուցակին վրայ», ըսած է Պլինքըն Միւնիխի անվտանգութեան ամէնամեայ խորհրդաժողովին ընթացքին` խօսելով Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ շարունակուող ռազմավարական մրցակցութեան մասին:
Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն կամաւոր հիմքերով տարբեր երկիրներ համագործակցութեան մէջ ներգրաւել:
«Այն, ինչ որ մենք պէտք չէ ընենք եւ չենք ըներ, աշխարհը որեւէ ձեւով կոշտ դաշինքներու բաժնելն է», նշած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը: