Մոսկուա. «Խորհուրդ Կու Տանք Չփորձել Մեր Համարժէք Եւ Կարծր Պատասխանի Պատրաստակամութիւնը»
Մոսկուան ոչ ոքի խորհուրդ կու տայ ստուգելու իր համարժէք եւ կարծր պատասխանի պատրաստակամութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքօ` մեկնաբանելով Ուքրանիա զօրքեր ուղարկելու մասին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յայտարարութիւնը: «Մենք ոչ ոքի խորհուրդ կու տանք փորձարկել` ստուգելու համար մեր երկրի համարժէք եւ կարծր պատասխան տալու պատրաստակամութիւնը», ռուսական «Քփ» կայքին տուած...




















