Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթար. «Տակաւին Կանուխ Է Բանակցութիւններուն Մէջ Որեւէ Բեկումի Մասին Խօսելու, Սակայն Այդ Առնչութեամբ Լաւատես Ենք»

March 20, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտնեց. «Տոհայի բանակցութիւնները կը կեդրոնանան մարդասիրական օժանդակութիւններուն եւ ժամանակաւոր զինադադարի հաստատման վրայ»` զգուշացնելով. «Ռաֆահի մէջ որեւէ գործողութիւն մարդասիրական աղէտի պիտի յանգեցնէ եւ ժխտականօրէն ազդէ բանակցութիւններուն ընթացքին վրայ»:

«Ռաֆահի վրայ որեւէ յարձակում ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ համաձայնութեան գոյացման վրայ, եւ տակաւին կանուխ է բանակցութիւններուն մէջ որեւէ բեկումի մասին խօսելու համար, սակայն այդ առնչութեամբ լաւատես ենք», ըսաւ Անսարի:

Ան նշեց, որ երէկ գումարուած ժողովը երկու կողմերուն միջեւ պատասխաններու փոխանցման համար էր, եւ կը ներառէր «Համասի պատասխանին իսրայէլեան ընդառաջումը»:

«Բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են, եւ մենք զգուշաւոր լաւատես ենք: Թեքնիք յանձնախումբերը հանդիպում կ՛ունենան քննարկելու կարգ մը մանրամասնութիւնները, եւ Գերիներու փոխանակման գործարքին վերաբերեալ բանակցութիւնները Տոհայի մէջ իրենց բոլոր հոլովոյթներով վերսկսան», յայտնեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Ան նշեց, որ «Շիֆա» բժշկական համալիրին մէջ լրագրողներուն վրայ գործուած յարձակումին միակ բացատրութիւնը ոճիրները թաքցնելու փորձն է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն այս շաբաթ պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա եւ Եգիպտոս` քննարկելու համար Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան գոյացման եւ դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններու հոսքի յաւելման երաշխաւորման ջանքերը:

Ան ըսաւ, որ Պլինքըն այսօր Ժետտայի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ սէուտցի ղեկավարներու հետ, իսկ հինգշաբթի օր պիտի այցելէ Գահիրէ` եգիպտացի պաշտօնատարներու հետ հանդիպում ունենալու համար:

Նշենք, որ ասիկա 7 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր Պլինքընի շրջան 6-րդ այցելութիւնը պիտի ըլլայ:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» հաղորդեց, որ Ֆիլիփին այցելող Պլինքըն յայտարարած է, որ Կազայի ամբողջ բնակչութիւնը ներկայիս սուր սով կ՛ապրի: «Ըստ ամէնէն հեղինակաւոր աղբիւրներուն, Կազայի բնակչութեան 100 առ հարիւրը սնունդի խիստ պակաս կը զգայ: Ասիկա առաջին դէպքն է, երբ այս ձեւով կը բնութագրուի ամբողջ բնակչութեան վիճակը», ըսած է Պլինքըն:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնած է Կազայի մէջ «սարսափելի մարդասիրական կացութեան» մասին:

Պլինքըն ըսած է, որ մարտերը աւելի շուտ պիտի աւարտէին, եթէ Համաս շարժումը ազատ արձակէր 7 հոկտեմբերին Իսրայէլի վրայ յարձակումին ժամանակ գերեվարածները:

Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ Իսրայէլ նոյնպէս պատասխանատու է պաղեստինեան շրջանի խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան համար: Պլինքըն այդ առնչութեամբ Իսրայէլին կոչ ուղղած է ապահովելու, որ մարդասիրական օգնութիւնն ու սնունդը Կազայի բնակիչներուն հասանելի ըլլան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուէն խնդրեցի խումբ մը ուղարկել Ուաշինկթըն` քննարկելու համար առանց Ռաֆահի մէջ ցամաքային գործողութիւն կատարելու Համասը թիրախաւորելու կարելիութիւնները»:

«Վերահաստատեցի կարիքը Կազայի մէջ հաստատելու անմիջական զինադադար մը, որ շաբաթներ կը տեւէ` իբրեւ գերիներու ազատ արձակման համաձայնութեան մէկ մասը», յայտնեց Պայտըն:

Սպիտակ տունը երկուշաբթի գիշեր հաղորդած էր, որ աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Պայտըն-Նեթանիահու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է:

 

 

Նախորդը

Փութին Եւ Ռայիսի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Տեղի Ունեցող «Զգայուն» Զարգացումները

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.