Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին. «Ընտրութեան Մէջ Յաղթանակս Ռուսական Հասարակութեան Համախմբուածութեան Պիտի Նպաստէ»

March 19, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահական ընտրութեան քուէներու 99,01 առ հարիւրի հաշուարկումէն ետք քուէներուն 87,34 առ հարիւրը ապահովելով յաղթանակ արձանագրած է երկրի գործող նախագահ Վլատիմիր Փութին: Այս մասին հաղորդեց Ռուսիոյ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը:

Ան այսպիսով 6 տարի եւս պիտի վարէ Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնը:

Նիքոլայ Խարիթոնով ապահոված է քուէներուն 4,31 առ հարիւրը, Վլատիսլաւ Տաւանքովին` 3,79 առ հարիւրը, իսկ Լէոնիտ Սլուցքի` 3,19 առ հարիւրը:

Նախնական տուեալներով` այս ընտրութեան մէջ Ռուսիոյ նոր շրջաններուն մէջ ի նպաստ Փութինին քուէարկած են քուէարկողներուն 88-95 առ հարիւրը:

Հեռավար ելեկտրոնային քուէարկութենէն օգտուած ընտրողներու շրջանակին մէջ Ռուսիոյ գործող նախագահը ստացած է քուէներուն 87,4 առ հարիւրը` Մոսկուայի եւ Քալինինկրատի տուեալները չհաշուած:

Փութին ընտրութեան արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք, կիրակի ուշ գիշերին, իր ընտրական շտապին առջեւ արտասանած խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքացիներուն, «որովետեւ մենք բոլորս մէկ խումբ ենք, Ռուսիոյ բոլոր քաղաքացիները, որոնք քուէարկութեան կեդրոններ գացին եւ քուէարկեցին»:

Փութին ըսաւ, որ պատրաստ է Ողիմպիական խաղերու ընթացքին Ուքրանիոյ մէջ զինադադար հաստատելու Ֆրանսայի առաջարկին շուրջ բանակցելու, սակայն Ռուսիոյ շահերը առաջնակարգ պիտի նկատէ:

Ան ըսաւ, որ իր երկիրը կ՛աւարտէ Ուքրանիոյ մէջ զինուորական յատուկ գործողութիւնն ու բանակի ուժի ամրապնդումը` նշելով, որ անոնք գլխաւոր առաջնահերթութիւններն են: Ան աւելցուց, որ իր կարելին պիտի ընէ աւարտելու առաքելութիւնն ու իրագործելու նպատակները, զորս իր վարչակազմը առաջնահերթութիւններ կը նկատէ:

Փութին ըսաւ, որ ռուսական զինեալ ուժերը Ուքրանիոյ մէջ իւրաքանչիւր օր յառաջխաղացք կ՛արձանագրեն, եւ նախաձեռնութիւնը անոնց ձեռքն է:

Փութին նաեւ յայտնեց, որ ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի փոխանակման համաձայն եղած է, եւ վերջինիս մահէն քանի մը օր առաջ իրեն պատմած են Նաւալնին արեւմտեան երկիրներու մէջ արգելափակուած քանի մը անձերու հետ փոխանակելու առաջարկին մասին:

«Կրնաք ինծի հաւատալ, կրնաք չհաւատալ, սակայն այն մարդը, որ ինծի դիմած էր, խօսքը տակաւին չէր աւարտած, երբ ըսի` համաձայն եմ», ըսաւ Ռուսիոյ ղեկավարը` շեշտելով, որ համաձայնած է մէկ պայմանով, որ փոխանակումէն ետք Նաւալնին պէտք չէ Ռուսիա վերադառնայ:

71 տարեկան Փութին աւելի քան 20 տարիէ ի վեր կ՛իշխէ Ռուսիոյ:

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ ռուսական նախագահական ընտրութիւնը «ո՛չ ազատ է, ո՛չ ալ արդար», որովհետեւ Փութին իր ընդդիմախօսները բանտարկեց եւ ուրիշներուն արգիլեց թեկնածու ներկայանալ:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն իր կարգին յայտնեց, որ ընտրութիւնը ազատ եւ արդար չէր:

Չինաստանի, Հոտուրասի, Պոլիվիոյ, Հիւսիսային Քորէայի, Ուզպեքիստանի, Տաճիկիստանի, Վենեզուելայի, Միանմարի եւ Քուպայի ղեկավարները շնորհաւորեցին Փութինը: Ըստ Հին հաւատացեալներու համաշխարհային միութեան նախագահ Լէոնիտ Սեւաթիոնովի, որ հանդիպում ունեցած է Ֆրանչիսկոս պապին հետ, վերջինս եւս շնորհաւորած է Փութինը:

Նախորդը

Քոնկ Ֆու. Թաու Լուի Մրցաշարք` Մասթըր Կարոյի Յիշատակին

Յաջորդը

Թայքուանտօ. Լեթիսիա Աուն Պիտի Մասնակցի Ողիմպիական Մրցումներուն

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.