Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ Կազայի մէջ պատերազմին մասին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին ի՞նչ պատգամ կ՛ուզէ ուղղել, ըսաւ. «Պէտք է ատոր վերջ տայ, եւ ատիկա արագօրէն կատարէ ու վերադառնայ խաղաղութեան աշխարհ: Մենք աշխարհի վրայ խաղաղութեան կարիք ունինք… Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան կարիք ունինք»:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց. «Կազայն առանց կանոնի վայրի կը վերածուի, ինչ որ անոր բնակիչները կը դնէ հեռանալու կամ բռնարարքի դիմելու ընտրանքին առջեւ»:
«Կազայի մէջ կը տեսնէք սով, որ հազարաւոր մարդոց վրայ կ՛ազդէ, եւ մենք չենք կրնար դիտողի դերին մէջ մնալ, մինչ պաղեստինցիները սովի կը մատնուին», ըսաւ Պորել:
«Իսրայէլ Կազայի մէջ սով կը ստեղծէ, եւ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, Կազա օժանդակութիւններու մուտքը արգիլողին եւ սահմանները վերահսկողին ձեռքին գործն է, սակայն անկեղծ ըլլանք եւ բացայայտօրէն ըսենք, որ սովը իբրեւ պատերազմի զէնք կ՛օգտագործուի», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Օդի ճամբով օժանդակութիւններ կը ղրկենք, մինչ օժանդակութիւնները անոնց նետուած վայրէն մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող սահմանին վրայ կը սպասեն»:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Իսրայէլ Համաս շարժումին հետ Քաթարի մէջ ընթանալիք բանակցութիւններուն մէջ մտադիր է հասնիլ 6 շաբաթ տեւողութեամբ զինադադարի, որուն ծիրին մէջ պաղեստինեան կողմը պէտք է 40 գերիներ ազատ արձակէ:
Լրատու գործակալութեան տեղեկութեամբ, իսրայէլեան պատուիրակութիւնը իսրայէլեան արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի տնօրէն Տաւիտ Պառնէայի գլխաւորութեամբ երէկ Քաթար պիտի մեկնէր:
Աղբիւրը կը նշէ, որ բանակցութիւնները կրնան առնուազն երկու շաբաթ տեւել, որուն պատճառը «այն դժուարութիւններն են, որոնք Համասի արտասահմանեան պատուիրակներուն մօտ կրնան ծագիլ` շրջափակուած անքլաւին մէջ շարժումի ներկայացուցիչներուն հետ կապ հաստատելու փորձերուն մէջ»:
Նշենք, որ բանակցութիւններու համար իսրայէլեան պատուիրակութեան Տոհա մեկնելուն նախօրեակին իսրայէլեան ուժերը «Շիֆա» բժշկական համալիրին մէջ խոշտանգելէ ետք ձերբակալեցին քաթարեան «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին Կազայի մէջ լրագրողը: Կայանը անոր անյապաղ ազատ արձակումը պահանջեց:
Իսրայէլեան ուժերը երէկ արշալոյսին ներխուժեցին Կազա քաղաքի արեւմուտքը գտնուող «Շիֆա» բժշկական համալիր: Անոնք հիւանդանոցը պաշարման տակ առին եւ ուղղակի կրակ բացին որեւէ շարժումի վրայ: Իսրայէլեան մասնայատուկ ուժեր հիւանդանոց ներխուժելու գործողութեան ընթացքին պաղեստինեան դիմադրութեան կողմէ լարուած թակարդը ինկան: Երկու կողմերուն միջեւ տեղի ունեցան բուռն բախումներ, որոնց ընթացքին իսրայէլեան ուժերը դիմեցին օդային յարձակումի եւ հրետանիով ռմբակոծումի օգնութեան:
Բժիշկ մը «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ բժշկական համալիրին մէջ կան 10 հազար գաղթականներ, որոնցմէ 3 հազարը հիւանդներ են, ինչպէս նաեւ կան 20 բժիշկներ ու 40 հիւանդներ:
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլ նոյեմբեր 2023-ին պնդած էր, որ հիւանդանոցը պաղեստինեան դիմադրութեան ենթակառոյց է, եւ այդտեղ իսրայէլացի գերիներ գոյութիւն ունին: Իսրայէլեան ուժերը ներխուժած էին հիւանդանոց, սակայն, ձեռնունայն հեռացած անկէ:
Իսրայէլեան բանակը այս անգամ եւս պնդեց, որ գործողութիւնը շղթայազերծած է` հիմնուելով տեղեկութիւններու վրայ, թէ հիւանդանոցը Համասի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ կ՛օգտագործուի:
Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի մէջ անվտանգութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մօտ Միացեալ Նահանգներու կողմէ դէպի Իսրայէլ զէնքի առաքումներու դանդաղեցման կարելիութեան նկատմամբ մտահոգութիւն գոյութիւն ունի` նշելով. «Ուաշինկթըն զէնքերու առաքումները կը դանդաղեցնէ դիւանակալական խոչընդոտներ ստեղծելով եւ առանց անկեղծօրէն յայտնելու, որ զանոնք կ՛ուշացնէ»:
Օրաթերթը նաեւ հաղորդեց. «Պատերազմի սկիզբէն ի վեր ամերիկեան զինամթերքով բեռնաւորուած շուրջ 300 օդանաւեր եւ 50 նաւեր հասան Իսրայէլ»:
Միւս կողմէ, Պաղեստինի վարչապետի պաշտօնակատար Մոհամետ Աշթիէ զգուշացուց, որ գոյութիւն ունին կողմեր, որոնք կ՛ուզեն Կազան ղեկավարել կամ շրջանը ղեկավարելու համար սեփական ընկերութիւններ բերել` նշելով, որ ատիկա պաղեստինցի ժողովուրդի կամքին վրայ յարձակում է:
«Մենք Կազայի մէջ որեւէ օտար ներկայութիւն չենք ընդունիր, ինչ ալ ըլլայ անոր քաղաքացիութիւնը, եւ ինչ ալ ըլլան անոր նպատակներն ու դրդապատճառները», յայտարարեց ան:


