Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերիներու Փոխանակման Գործարքին Շուրջ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին

March 16, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան Համաս շարժումը յայտարարեց, որ Եգիպտոսի ու Քաթարի ճամբով բանակցութիւններու շարունակման ծիրին մէջ ներկայացուցած է համապարփակ պատկերացում մը, որ հիմնուած է իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելու, գաղթականներու տունդարձի եւ իսրայէլեան ուժերու Կազայէն հեռացման սկզբունքներուն վրայ, «որոնք կարեւոր են համաձայնութեան գոյացման համար»: Շարժումը նաեւ գերիներու փոխանակման թղթածրարին վերաբերեալ իր պատկերացումը ներկայացուցած է:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի «Քան 11» կայանը հաղորդեց, որ Քաթար Համասի պաշտօնական գրաւոր պատասխանը յանձնած է իսրայէլեան կողմին: Լաւատեղեակ աղբիւր մը կայանին յայտնած է, թէ Համասի պատասխանը «տրամաբանական պահանջներու ցուցակ» կը պարունակէ, եւ ատիկա բանակցութիւններուն մէջ «դրական տեղաշարժ» ցոյց կու տայ: «Համաձայնութեան գոյացումը կարելի է», շեշտած է աղբիւրը:

Սակայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը, յայտնեց, որ Համասի զինադադարի բանակցութիւններուն վերաբերեալ նոր դիրքորոշումները կը շարունակեն հիմնուած ըլլալ «անհիմն պահանջներու վրայ»: Գրասենեակը նաեւ նշեց, որ Համասի պահանջները անտրամաբանական են:

«Շարք» օրաթերթին համաձայն, Համասի առաջարկը իր երկրորդ փուլին մէջ կը ներառէ բոլոր գերիներու փոխանակում եւ իսրայէլեան ուժերու Կազայէն աստիճանական հեռացում: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ առաջին փուլին կ՛առաջարկուի իսրայէլացի կին, երեխայ եւ տարեց գերիներ ազատ արձակել 700-էն 1000 պաղեստինցի գերիներու դիմաց: Առաջարկին համաձայն, առաջարկը կը ներառէ 100 ցկեանս ու ծանր վճիռներով բանտարկուած պաղեստինցիներու եւ «կին զինուորներու» ազատ արձակում:

ԱՖՓ-ի համաձայն, Համաս 6 շաբթուան զինադադար եւ փուլերով գերիներու փոխանակում կ՛առաջարկէ:

Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդը երէկ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ժողով մը գումարեց` քննարկելու համար Համասի պատասխանը:

Աւելի ուշ, Նեթանիահուի գրասենեակը հաղորդեց, որ նախարարաց սեղմ խորհուրդը որոշած է պատուիրակութիւն մը ուղարկել Քաթար` Համասի պատասխանէն ետք գերիներու փոխանակման գործարքի շուրջ բանակցելու:

Գրասենեակը նաեւ յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետը հաւանութիւն տուած է Ռաֆահի մէջ զինուորական գործողութիւններու ծրագիրին:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի յայտնեց. «Մենք կը ջանանք հասնիլ Կազայի մէջ զինադադարի, օգնութեան մուտքը աւելցնելու եւ տեղահանուածներուն Կազայի հիւսիս հասնիլ արտօնելու»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի իր կարգին նշեց. «Կը զգուշացնենք Ռաֆահի մէջ իսրայէլեան զինուորական մագլցումէն եւ շրջանին մէջ տագնապին ընդլայնումէն»:

«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը, մէջբերելով իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթի զինուորական վերլուծաբանը, կը նշէ. «Նեթանիահու Ռաֆահի մէջ զինուորական գործողութեամբ կը սպառնայ, սակայն բանակը զայն շղթայազերծելու պատրաստ չէ»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտնեց, որ Քոնկրեսը կառավարութենէն անկախ մարմին է եւ անոր վերին պալատի` Ծերակոյտի մէջ Դեմոկրատական մեծամասնութեան ղեկավար Չաք Շումըրի` Իսրայէլի մէջ «նոր ընտրութիւններ» կատարելու կոչը միայն անոր կը վերաբերի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին կողմէ չէ կատարուած:

Պատասխանելով այն հարցումին, եթէ վարչակազմը Նեթանիահուէն հիասթափուած չի զգար, Միլլըր ըսաւ. «Շարք մը հարցեր կան, որ ուզեցինք տեսնել, որ Իսրայէլ զանոնք այլ ձեւով կը կատարէ»:

Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ատրիըն Ուացըն ողջունեց Պաղեստինի նոր վարչապետ Մոհամետ Մուսթաֆայի նշանակումը` անոր կոչ ուղղելով «կարելի եղածին չափ շուտ բարեկարգչական կառավարութիւն կազմելու»:

«Միացեալ Նահանգներ պիտի սպասեն, որ այս նոր կառավարութիւնը կարենայ հաւաստի եւ խորքային քաղաքականութիւններ գործադրել եւ բարեկարգումներ կատարել», ըսաւ Ուացըն:

Իսրայէլեան իշխանութիւնները երէկ խիստ միջոցառումներ որդեգրելով հազարաւոր հաւատացեալներու արգելք հանդիսացան, որ Աքսայի մզկիթին մէջ նամազ կատարեն: Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց. «Աքսայի մէջ նամազ կատարելու իսրայէլեան սահմանափակումները Այսրյորդանանի մէջ կացութիւնը պայթեցնելու պատրոյգն են»:

Նախորդը

Մաքրոն. «Ուքրանիոյ Մէջ Ռուսիոյ Յաղթանակը Եւրոպայի Հաւաստիութեան Վերջ Պիտի Տայ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Իրանն Ու Օմանը Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Ժամանակաւոր Նաւարկման Ուղիի Շուրջ Փոխըմբռնում Գոյացուցին»

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ,  Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ, Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»

October 14, 2026
Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր  Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն
Միջազգային

Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.