Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալիվըն. «Ամերիկեան Վարչակազմը Վստահ Պիտի Կարողանայ Ուքրանիոյ Օգնութեան Մեծ Թղթածրար Տրամադրել»

March 22, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն այցելած է Քիեւ, ուր հանդիպում ունեցած է Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Երմաքի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Երմաքի հետ հանդիպումի աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Սալիվըն պնդած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի կարողանան Ուքրանիոյ օգնութեան մեծ թղթածրար տրամադրել: «Մեր կողմէն մենք վստահ ենք, որ ատիկա կրնանք ընել: Մենք այդ օգնութիւնը պիտի փոխանցենք Ուքրանիոյ», ըսած է Սալիվըն:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ պարտութիւնը պիտի չարտօնեն: Ան վստահեցուցած էր, որ դաշնակիցները ուղիներ կը փնտռեն Ուքրանիոյ անխափան օգնութիւն ցուցաբերելու համար:

Ներկայացուցիչներու Տան Անդամները 2 Շաբթուան Արձակուրդի Մեկնեցան` Առանց Ուքրանիոյ Օժանդակութեան Հարցը Քննարկելու

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամները կը պատրաստուին երկու շաբաթ տեւողութեամբ արձակուրդի մեկնելու` առանց քուէարկելու Ուքրանիոյ զինուորական նոր օժանդակութեան օգտին, որուն մեծ կարիքը ունի ուքրանական բանակը:

Ներկայացուցիչներու տան արձակուրդը կը սկսի այս շաբաթավերջին, իսկ աշխատանքը կը սկսի 8 ապրիլին:

Միացեալ Նահանգներ դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր Քիեւին որեւէ մեծ օժանդակութիւն չեն ուղարկած:

Ներկայացուցիչներու տան նախագահ, հանրապետական Մայք Ճոնսըն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ այդ վիճայարոյց հարցին վերաբերեալ ուսումնասիրուող շարք մը բեմագրութիւններ կան, օրինակ` փոխան նուիրատուութիւններու Քիեւին վարկեր տրամադրել կամ մեծահարուստ ռուսերուն սառեցուած դրամատնային հաշիւները օգտագործել:

Զելենսքի. «Փութինի Պարտութիւնը Ժողովրդավարութեան Համար Կենաց Մահու Հարց Է»

Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի պարտութիւնը ամբողջ ժողովրդավարական աշխարհին համար կենաց մահու հարց է: Այս մասին իր ուղերձին մէջ ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի:

Ան նշած է, որ երբ Փութինը պարտուի, ժողովրդավարական աշխարհը «գալիք սերունդին համար լաւ հեռանկար պիտի ունենայ»:

«Մենք պէտք է տոկուն ըլլանք տարբեր մարտահրաւէրներու առջեւ, որպէսզի յաղթենք Փութինին եւ չյայտնուինք այնպիսի կացութեան մէջ, ուր Արեւմուտքի ուժին վերաբերեալ կասկածները օգնեն այս խելագարին», ընդգծած է Զելենսքի:

Ան աւելցուցած է, որ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվընի հետ: «Ես մեր ազգին եւ ժողովուրդին Ամերիկայի աջակցութեան համար երախտապարտ եմ, եւ կենսական նշանակութիւն ունի, որ ամերիկեան ղեկավարութիւնը հաստատակամ մնայ միջազգային օրէնքի գերակայութիւնը պաշտպանելու գործին մէջ», ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը:

Զախարովա. «Ուաշինկթըն Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Իր Քաղաքականութեան Մէջ Ձախողեցաւ»

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա Ռուսիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանի առաջին ալիքէն յայտարարած է. «Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ վերաբերեալ իրենց քաղաքականութեան մէջ ձախողած են:

«Անոնք ձախողեցան ոչ միայն Ուքրանիոյ իրենց տուած խոստումներուն ծիրին մէջ, այլ նաեւ իրենց ենթադրեալ դաշնակիցներու ծիրին մէջ»:

 

Նախորդը

Անգարա Եւ Ուաշինկթըն Հակառուսական Պատժամիջոցներու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Յաջորդը

Պլինքըն. «Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին Ներկայացուցած Են Ռաֆահի Մէջ Գործողութեան Հաւանական Այլընտրանքները»

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.