Միջազգային

Մաքրոն. «Ուքրանիոյ Մէջ Ռուսիոյ Յաղթանակը Եւրոպայի Հաւաստիութեան Վերջ Պիտի Տայ»

Մաքրոն. «Ուքրանիոյ Մէջ Ռուսիոյ Յաղթանակը Եւրոպայի Հաւաստիութեան Վերջ Պիտի Տայ»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն «Թէ.ԷՖ.1» եւ «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայաններուն հետ հարցազրոյցի ընթացքին զգուշացուց, որ եթէ Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ յաղթանակ արձանագրէ, ատիկա «Եւրոպայի հաւաստիութեան վերջ պիտի տայ»: «Եթէ Ռուսիան յաղթէ, ապա այսուհետեւ անվտանգութիւն պիտի չունենաք, եւ ատիկա Եւրոպայի հաւաստիութեան վերջ պիտի տայ», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը` աւելցնելով, որ Մոսկուայի «մագլցումին» դիմաց «պէտք է ըսենք, որ պատրաստ ենք հակադարձելու»: Մաքրոն նշեց, որ...

Կալանթ. «Մօտ Օրէն Ամէնուր Պիտի Հասնինք»

Կալանթ. «Մօտ Օրէն Ամէնուր Պիտի Հասնինք»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ կատարած է Կազայի կացութեան գնահատում մը, որմէ ետք յայտնած է. «Նոյնիսկ անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ ուշացած ենք, մօտ օրէն պիտի տեսնեն, որ ամէնուր պիտի հասնինք»: «7 հոկտեմբերի դէպքերուն մասնակից իւրաքանչիւր անձ արդարադատութեան պիտի յանձնենք: Կամ զինք պիտի ոչնչացնենք կամ Իսրայէլի մէջ դատարանին յանձնենք», ըսաւ ան: «Ապահով վայր չկայ, ո՛չ...

Թրամփ. «Եւրոպական Երկիրները Պէտք Է Ուքրանիոյ Համար Միացեալ Նահանգներու Հետ Հաւասարութեան Հիմամբ Միջոցներ Յատկացնեն»

Թրամփ. «Եւրոպական Երկիրները Պէտք Է Ուքրանիոյ Համար Միացեալ Նահանգներու Հետ Հաւասարութեան Հիմամբ Միջոցներ Յատկացնեն»

Եւրոպական երկիրները պէտք է Ուքրանիոյ այնքան գումար յատկացնեն, որքան Միացեալ Նահանգները, հակառակ պարագային ատիկա անարդար է ամերիկացի հարկատուներուն նկատմամբ: «Նիուզմաքս»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ: «Եւրոպան Ուքրանիոյ վրայ մեզմէ շուրջ 100 միլիառ տոլար նուազ կը ծախսէ: Կը կարծեմ` ասիկա շատ անարդար է Ամերիկայի նկատմամբ: Ասիկա շատ անարդար է Միացեալ Նահանգներու հարկատուներուն նկատմամբ»,...

«Ռուսիոյ` Ուքրանիոյ Մէջ Հիւլէական Զէնք  Օգտագործելու Պատրաստուելուն  Որեւէ Ցուցանիշ Չտեսանք»  Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Բանբերը

«Ռուսիոյ` Ուքրանիոյ Մէջ Հիւլէական Զէնք Օգտագործելու Պատրաստուելուն Որեւէ Ցուցանիշ Չտեսանք» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Բանբերը

Սպիտակ տան բանբեր Քարեն Ժան-Փիեռ, պատասխանելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` Ռուսիոյ գերիշխանութիւնը վտանգուելու պարագային հիւլէական զէնք կիրարկելու պատրաստակամութեան մասին յայտարարութեան վերաբերեալ հարցումի մը, յայտնեց. «Որեւէ պատճառ չտեսանք, որ մեզ կը մղէ բարեփոխելու մեր հիւլէական կացութիւնը, ո՛չ ալ որեւէ ցուցանիշ, թէ Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ հիւլէական զէնքի օգտագործման կը պատրաստուի»: Ժան-Փիեռ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ Միլուաքիի մէջ ընտրական հաւաքի մը...

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Վճռական Է Ռաֆահի Մէջ Զինուորական Գործողութիւն Կատարելու. Անիկա Լիակատար Յաղթանակի Համար Անհրաժեշտ Է»

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Վճռական Է Ռաֆահի Մէջ Զինուորական Գործողութիւն Կատարելու. Անիկա Լիակատար Յաղթանակի Համար Անհրաժեշտ Է»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Երուսաղէմի մէջ Նետերլանտներու վարչապետի պաշտօնակատար Մարք Ռութէի հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարեց, որ Իսրայէլ վճռական է Ռաֆահի մէջ զինուորական գործողութիւն կատարելու, որովհետեւ ատիկա անհրաժեշտ է Համասի դէմ լիակատար յաղթանակ տանելու համար: Նշենք, որ այս հանդիպումը 7 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր Նեթանիահուի եւ Ռութէի միջեւ 4-րդն է: Նեթանիահուի գրասենեակին համաձայն, զրոյցի ընթացքին Իսրայէլի վարչապետը «ընդգծած է, որ բանակի...

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է  Հիւլէական Պատերազմին»

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Հիւլէական Պատերազմին»

«Ռազմական-արհեստագիտական տեսանկիւնէն Ռուսիան պատրաստ է հիւլէական պատերազմին», Ռուսիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին եւ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: «Մեր հիւլէական ուժերը մշտապէս ռազմական բարձր պատրաստութեան պայմաններու մէջ են», լրագրող Տմիթրի Քիսելիովի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահը: Փութին նաեւ անդրադարձած է Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան` նշելով, որ Հելսինքիի այդ քայլէն ետք Ռուսիան կը...

Թրամփ Եւ Պայտըն Նախնական Ընտրութիւններուն  Մէջ Յաղթական. Անոնք Պիտի  Առաջադրուին Նախագահի Թեկնածու

Թրամփ Եւ Պայտըն Նախնական Ընտրութիւններուն Մէջ Յաղթական. Անոնք Պիտի Առաջադրուին Նախագահի Թեկնածու

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ գործող նախագահ Ճօ Պայտըն յաղթած են հանրապետականներու եւ դեմոկրատականներու նախնական ընտրութիւններուն: Այս մասին հաղորդեց «Պի.Պի.Սի.»-ն: Անոնք յառաջիկային իրենց կուսակցութիւններուն կողմէ պաշտօնապէս պիտի առաջադրուին Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին: Աղբիւրը կը նկատէ, որ Դեմոկրատական կուսակցութենէն Պայտընի իբրեւ նախագահի թեկնածու առաջադրումը ձեւական բնոյթ կը կրէր, որովհետեւ երբ երկրի գործող նախագահը կ՛որոշէ երկրորդ նստաշրջանի համար առաջադրուիլ, իբրեւ...

Ֆրանսան Կը Պատրաստուի Քորսիքային  Ինքնավարութիւն Շնորհելու

Ֆրանսան Կը Պատրաստուի Քորսիքային Ինքնավարութիւն Շնորհելու

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութիւնն ու Քորսիքայի իշխանութիւնները 12 մարտին համաձայնութիւն գոյացուցած են Ֆրանսայի 18 երկրամասերէն մէկը հանդիսացող այս կղզիին ինքնավարութիւն շնորհելու հարցին շուրջ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Քանի մը ամիս շարունակուած բանակցութիւններու հիմամբ մշակուած փաստաթուղթով կը նախատեսուի ճանչնալ Քորսիքայի ինքնավար կարգավիճակը Ֆրանսայի Հանրապետութեան կազմին մէջ: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն 2023-ի ամրան Քորսիքա այցելելով չէր բացառած, որ կղզիի ինքնավար...

Էրտողան. «Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Ռուսիոյ  Դիրքորոշումը Նկատի Չառնող Խաղաղ  Ծրագիրները Արդիւնք Չեն Տար»

Էրտողան. «Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Ռուսիոյ Դիրքորոշումը Նկատի Չառնող Խաղաղ Ծրագիրները Արդիւնք Չեն Տար»

Ուքրանիոյ տագնապի լուծման խաղաղ ծրագիրները, որոնք հաշուի չեն առներ Ռուսիոյ դիրքորոշումը, արդիւնք չեն տար: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Մենք զգալի ջանքեր ցուցաբերած ենք ռուս-ուքրանական տագնապին մէջ խաղաղութեան ուղիներ գտնելու համար: «Աջակցելով Ուքրանիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին` մենք կը խօսինք նաեւ այն մասին, որ խաղաղութեան որեւէ ծրագիր, որ Ռուսիան...

Քաթար. «Կազայի Շուրջ Բանակցային Ջանքերը Կը Շարունակուին, Սակայն Համաձայնութեան Գոյացման Մօտ Չենք»

Քաթար. «Կազայի Շուրջ Բանակցային Ջանքերը Կը Շարունակուին, Սակայն Համաձայնութեան Գոյացման Մօտ Չենք»

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտնեց. «Տակաւին կոչ կ՛ուղղենք, որ անհրաժեշտ է ցամաքային անցքերը բանալ, որպէսզի օժանդակութիւնները անարգել մուտք գործեն Կազա, եւ Կազա օժանդակութիւններ մտցնելու համար ծովային միջանցքը չի կրնար ցամաքային անցքերը փոխարինել»: «Բանակցութիւններուն մէջ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու համար յոյս կը դնենք Միացեալ Նահանգներու դերակատարութեան վրայ», նշեց Անսարի` աւելցնելով. «Բանակցային ջանքերը կը շարունակուին, եւ համաձայնութեան հասնելու նպատակով...

Շուէտը Երկրին Մէջ ՕԹԱՆ-ի Մնայուն Ռազմակայաններու Տեղակայում Չ՛ուզեր

Շուէտը Երկրին Մէջ ՕԹԱՆ-ի Մնայուն Ռազմակայաններու Տեղակայում Չ՛ուզեր

Շուէտը երկրին մէջ ՕԹԱՆ-ի մնայուն ռազմակայաններու տեղակայում չ՛ուզեր: Այս մասին թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած է երկրի արտաքին գործոց նախարար Թոպիաս Պիլսթրիոմը: Ան չէ հերքած, որ Շուէտի մէջ պիտի գործեն ՕԹԱՆ-ի միաւորումները, սակայն երկիրը չ՛ուզեր դաշինքի մնայուն ռազմակայաններ տեղակայել: Շուէտի վարչապետ Ուլֆ Քրիսթերսոն Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է, որ Սթոքհոլմը խաղաղ ժամանակ երկրին մէջ հիւլէական զէնք...

Պաքուի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Ազրպէյճանի, Վրաստանի Եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը

Պաքուի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Ազրպէյճանի, Վրաստանի Եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը

15 մարտին Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու` Ճէյհուն Պայրամովի, Իլիա Տարչիաշվիլիի եւ Հաքան Ֆիտանի եռակողմ հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Պաքուի հանդիպումը պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու 9-րդ եռակողմ հանդիպումը:

Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Վատիկանի Դեսպանը Կանչած Է

Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Վատիկանի Դեսպանը Կանչած Է

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ իր մօտ կանչած է Ուքրանիոյ մէջ Վատիկանի ներկայացուցիչ Վիսվատաս Քուլպոքասը` Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի` բանակցութիւններու եւ զինադադարի կոչերէն ետք: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: Յիշեցնենք, որ Ֆրանչիսկոս պապը յայտարարած էր, որ ուքրանական տագնապին մէջ պարտուող կողմը պէտք է համարձակութիւն գտնէ այդ մէկը ընդունելու եւ համաձայնի բանակցելու, որ Ուքրանիան պէտք է «քաջութիւն ունենայ սպիտակ դրօշը...

Նեթանիահու. «Պայտըն Կը Սխալի Կարծելով,  Որ Վարած Քաղաքականութիւնս Իսրայէլացիներու  Մեծամասնութեան Աջակցութիւնը Չի Վայելեր»

Նեթանիահու. «Պայտըն Կը Սխալի Կարծելով, Որ Վարած Քաղաքականութիւնս Իսրայէլացիներու Մեծամասնութեան Աջակցութիւնը Չի Վայելեր»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն «կը սխալի» կարծելով, թէ իր քաղաքականութիւնը իսրայէլացիներուն աջակցութիւնը չի վայելեր: Մեկնաբանելով Պայտընի այն խօսքը, թէ «Նեթանիահուի իրաւունքն է Իսրայէլը պաշտպանել, սակայն պէտք է աւելի զգուշ ըլլայ նկատմամբ անմեղ կեանքերու, որոնք որդեգրուած քայլերուն պատճառով կը կորսուին»` աւելցնելով. «Իմ կարծիքովս` ասիկա Իսրայէլին աւելի շատ կը վնասէ, քան կ՛օգնէ»: Նեթանիահու ըսաւ. «Ճիշդ...

Այսօր Ռուսիա – Իրան – Չինաստան Ռազմափորձեր.  Անոնց Ներկայ Պիտի Գտնուին  Նաեւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչները

Այսօր Ռուսիա – Իրան – Չինաստան Ռազմափորձեր. Անոնց Ներկայ Պիտի Գտնուին Նաեւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչները

Ռուսիան, Իրանը եւ Չինաստանը 12 մարտին պիտի սկսին «Ծովային անվտանգութեան գօտի 2024» ծովուժերու միացեալ ռազմափորձերը: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ-ն: Ռազմափորձերը տեղի պիտի ունենան Հնդկաց ովկիանոսի հիւսիսը: Անոնց պիտի մասնակցին Իրանի, Չինաստանի եւ Ռուսիոյ զինուորական նաւատորմիղները: Ռազմափորձերուն ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Ազրպէյճանի, Ղազախստանի, Օմանի, Փաքիստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու ներկայացուցիչներ: Ռազմափորձերուն նպատակներն են շրջանին մէջ անվտանգութեան ամրապնդումը, ներառեալ...

Կիւլեր. «Անգարան Իր Սահմաններուն Մօտ  Գործողութիւն Կատարելու Համար  Արտօնութիւն Պիտի Չխնդրէ»

Կիւլեր. «Անգարան Իր Սահմաններուն Մօտ Գործողութիւն Կատարելու Համար Արտօնութիւն Պիտի Չխնդրէ»

Թուրքիան իր սահմաններուն մօտ հակաահաբեկչական գործողութիւն կատարելու համար արտօնութիւն պիտի չխնդրէ, պիտի ձեռնարկէ անհրաժեշտ քայլեր: «Հիւրրիեթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր: Թրքական օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ բանակը մտադիր է լայնածաւալ ցամաքային գործողութիւն կատարել Իրաքի հիւսիսը` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներուն դէմ, Պաղտատի հետ այդ առնչութեամբ համապատասխան համաձայնութիւն գոյացած է: «Երբ խօսքը մեր...

Զելենսքի Ֆրանչիսկոս Պապի Յայտարարութիւնները  «Անշօշափելի Միջնորդութիւն» Կոչած Է

Զելենսքի Ֆրանչիսկոս Պապի Յայտարարութիւնները «Անշօշափելի Միջնորդութիւն» Կոչած Է

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին պատասխանած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին յայտարարութեան. սրբազան քահանայապետը առաջարկած էր «սպիտակ դրօշ բարձրացնել եւ բանակցիլ»` խօսելով Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ ԵՈՒՆԻԱՆ-ը: Զելենսքի տեսաուղերձ մը հրապարակելով յայտնած է, որ Ուքրանիան ժամանակին ունէր բազմաթիւ տուներու եւ եկեղեցիներու սպիտակ պատեր, սակայն անոնք ռուսական ռումբերէն այրած եւ ջարդուած են: «Եւ ասիկա շատ պերճախօս կերպով կ՛ըսէ,...

Քրեմլին Կը Քննադատէ Միացեալ Նահանգներու  Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեան  «Կայսերապաշտական» Բնոյթը

Քրեմլին. «Ֆրանսայի` Ուքրանիա Ուժեր Ուղարկելու Համար Դաշինք Կազմելու Գործելաոճը Շատ Վտանգաւոր Է»

Քրեմլին յայտնեց. «Քիեւի եւ Արեւմուտքի` Ռուսիոյ ռազմավարական պարտութիւն հասցնելու ձգտումը ճակատամարտի դաշտին վրայ զարգացումներով փաստուած մեծ սխալ մըն է»: «Քիեւը Արեւմուտքի զօրակցութեամբ բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններու կարելիութեան», նշեց Քրեմլին: «Փարիզի Ուքրանիա ուժեր ուղարկելու պատրաստ եղող պետութիւններէ բաղկացած դաշինք կազմելու գործելաոճը շատ վտանգաւոր է», ընդգծեց Ռուսիոյ նախագահական պալատը:  

Պայտըն. «Իսրայէլի Նկատմամբ Կարմիր Գիծ Չկայ, Զայն Երբեք Պիտի Չլքեմ Եւ Զայն Զէնքերէ Պիտի Չզրկեմ»

Պայտըն. «Իսրայէլի Նկատմամբ Կարմիր Գիծ Չկայ, Զայն Երբեք Պիտի Չլքեմ Եւ Զայն Զէնքերէ Պիտի Չզրկեմ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ամերիկեան «Էմ.Էս.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Պաղեստինցի 30 հազար այլ զոհեր չեն կրնար արձանագրուիլ, եւ Համասի պատճառած ցնցումին հակազդելու այլ ձեւեր կան»: «Ես երբեք պիտի չլքեմ Իսրայէլը, Իսրայէլի պաշտպանութիւնը տակաւին կարեւոր է, ուստի կարմիր գիծեր չկան: Ես զայն զէնքերէ պիտի չզրկեմ», ըսաւ Պայտըն: Սպիտակ տան ղեկավարը ընդգծեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն «Իրաւունք...

Նեթանիահու. «Էրտողան Համասին Կ՛աջակցի,  Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կը Ժխտէ»

Նեթանիահու. «Էրտողան Համասին Կ՛աջակցի, Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կը Ժխտէ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն բաղդատած է պատմութեան ֆաշական ղեկավարներուն հետ` նշելով. «Նեթանիահուն իր տեղը ապահովեց Հիթլերի, Մուսոլինիի եւ Ստալինի կողքին»: Այս մասին հաղորդեց «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը: Էրտողան նաեւ Իսրայէլը ամբաստանած է «Կազայի մէջ մարդասիրական ոճիրներ գործելով մեր ժամանակուան նացիներ»-ուն պէս վարուելու յանցանքով: Թուրքիոյ նախագահը նաեւ մերժած է Համասը դատապարտել` նշելով. «Մեզի չեն կրնար ստիպել...

Page 163 of 882 1 … 162 163 164 … 882

Արխիւներ