Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՕԹԱՆ-ը Առաւելագոյն Նպատակ Ճշդած Է` Հարաւային Կովկասի Մէջ Ռուսիոյ Դէմ` 2-րդ Ճակատ Բանայ» Կ՛ըսէ Զախարովա

Մարտ 21, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի Հարաւային Կովկաս` Հայաստան, Վրաստան, Ազրպէյճան այցելութիւնը այդ երկիրները եւրատլանտեան ազդեցութեան գօտի ներքաշելու հերթական փորձի դրսեւորում է: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան:

«Նման մակարդակով պաշտօնատարի այցելութիւնը կը հաստատէ, որ այդ ուղղութեամբ աշխուժութիւնը քանի մը անգամով աւելցած է… Հարաւային Կովկասի մէջ, կարծես թէ, խնդիրները նուազած են, իսկ ատիկա Արեւմուտքի մէջ որո՞ւն կրնայ հաճելի ըլլալ: Արեւմտականներուն հանգիստ չի տար այն փաստը, որ այդ պետութիւնները կը համագործակցին, այն, որ անոնք կը մօտենային խաղաղութեան համաձայնութիւններուն: Անոնց հաճելի չի գար այն փաստը, որ այդ պետութիւնները կը հաղորդակցին Մոսկուայի հետ», ըսած է Զախարովա:

Ան աւելցուցած է, որ ՕԹԱՆ-ը եւ Եւրոպական Միութիւնը կը փորձեն քանդել շրջանի երկիրներուն կապերը, ներառեալ Մոսկուայի հետ:

«Ի հարկէ, ՕԹԱՆ-ը առաւելագոյն նպատակ ճշդած է` Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ դէմ երկրորդ ճակատ բանալ եւ ընդհանուր առմամբ թեժացնել շրջանին մէջ կացութիւնը», ըսած է Զախարովա:

Մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, որ եթէ հայկական կողմը հրաժարի Տաւուշի 4 գիւղերը յանձնելէ, ապա շաբթուան վերջին կրնայ պատերազմ սկսիլ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնած է. «Դժուար թէ սեփական բնակչութեան վախցնելը Հայաստանի` յարմար արդիւնքի հասնելու լաւագոյն միջոցը ըլլայ: Անհրաժեշտ է այս հարցերը լուծել հանգիստ, կառուցողական, ատոր մեքանիզմը կայ` ատիկա հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման յանձնախումբն է: Մենք պատրաստ ենք օգնելու այս աշխատանքին` հաշուի առնելով մեր փորձառութիւնը: Այս կառոյցի ծիրին մէջ աշխատանք պէտք է տարուի վերը նշուած սկզբունքներուն հիման վրայ», ըսած է Զախարովան:

Անոր համաձայն, այն, ինչ որ յայտնած է Հայաստանի վարչապետը, ոչ մէկ կերպ պէտք է կապուի Ռուսիոյ հետ, ատիկա բացառապէս երկրին ղեկավարութիւնը որոշած է Արեւմուտքի հետ հաղորդակցելու ընթացքին:

«Ես պիտի ուզէի, որ Արեւմուտքի ազդեցութեան տակ իրենց կատարած քայլերուն համար պատասխանատուութիւն կրէին բացառապէս անոնք, որոնք Երեւանի մէջ այդ որոշումները կու տան», ըսած է Զախարովա` նշելով, որ ռուսական կողմը այդ մասին յայտնած է նաեւ երկկողմանի կապուղիներով:

Ան յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցային հոլովոյթի դրական ընթացքը նկատուած է այն ժամանակ, երբ գործնական կերպով կատարուած են բարձր մակարդակով եռակողմ համաձայնութիւնները, երբ տեղի ունեցած են կանոնաւոր հաղորդակցութիւններ Ռուսիա-Ազրպէյճան-Հայաստան ձեւաչափով:

Անոր համաձայն, ատիկա չի նշանակեր, որ չկան այլ տեսական կարելիութիւններ: Սակայն ինքնին այդ ժամանակ եղած է շարժում` կապուած եռակողմ համաձայնութիւններու կատարման եւ այն ձեւաչափերուն հետ, որոնք թելադրուած են ատոնցմով:

Զախարովա նշած է, որ աւելի ուշ շրջանի գործերուն սկսաւ միջամտել Արեւմուտքը, որ պարզապէս կ՛ուզէր առանձին կատարել օրակարգը: «Անոնց հանգիստ չէր տար այն, որ կացութիւնը կը մտնէ խաղաղ հուն, որ կայ միջազգային-իրաւական չափում, որ երկիրները կը համաձայնին առանց որեւէ յարձակումի, չարացածութեան, հակառակ շատ ծանր անցեալին, սակայն խաղաղ ապագայի յստակ ծրագիր ունենալով: Ատիկա կը նշանակէր օրակարգի խլում: Ինքնին Արեւմուտքը Հայաստանին պարտադրեց Ղարաբաղի իր ձեւը` մոռնալով տեղւոյն հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան պահպանման անհրաժեշտութեան մասին: Ատիկա յանգեցուց շրջանին մէջ լրացուցիչ խնդիրի ստեղծման», ըսած է Զախարովա:

Ան նշած է, որ արեւմտեան վարչակազմերը Երեւանին կը հարկադրեն միակողմանի որոշումներ տալ երկու երկիրներու սահմանին վրայ վիճելի տարածքային հարցերու առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ Հայաստանը կը դրդեն, որպէսզի փլուզեն Պաքուի հետ հաղորդակցութիւններուն եւ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ դրական միտումները:

«Մենք Երեւանի հետ ունեցած ենք յարաբերութիւններ, ունինք այդ յարաբերութիւնները, եւ ես անկեղծօրէն համոզուած եմ, որ այսուհետեւ ալ անոնք պիտի զարգանան դաշնակցային ուղիով», ըսած է ան:

Զախարովա յայտնած է, որ Հայաստանի տարածքին մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը կը լրտեսէ Ռուսիան, Իրանը, Ազրպէյճանը, ինչ որ փաստագրական հիմք ունի: Ան չէ բացառած, որ ատիկա կրնայ յանգեցնել շրջանին մէջ անշրջելի հետեւանքներու:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Մէյրուպա

Յաջորդը

Օսթին Իսրայէլի Կոչ Կ՛ուղղէ` Ռաֆահի Վրայ Յարձակում Գործելէ Առաջ Քաղաքայիններու Անվտանգութիւնը Երաշխաւորելու

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի  Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»
Միջազգային

Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?