«Ազրպէյճանական բանակի եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սերտ համագործակցութիւնը մեծապէս պիտի նպաստէ ՕԹԱՆ-ի հետ յարաբերութիւններու խորացման», երէկ Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական աղբիւրներու համաձայն, ՕԹԱՆ-ի ղեկավարը մամլոյ ասուլիսի ժամանակ նաեւ բարձր գնահատած է ազրպէյճանցի զինուորներու «արհեստավարժ յատկանիշները, զորս անոնք ցուցաբերած են դաշինքի կողմէ իրականացուող խաղաղապահ գործողութիւններու ծիրին մէջ»:
«Ազատութիւն» կը նշէ, որ ասիկա Սթոլթենպերկի` ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին վրայ առաջին այցելութիւնն է Պաքու:


