Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա. «Խորհուրդ Կու Տանք Չփորձել Մեր Համարժէք Եւ Կարծր Պատասխանի Պատրաստակամութիւնը»

March 23, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան ոչ ոքի խորհուրդ կու տայ ստուգելու իր համարժէք եւ կարծր պատասխանի պատրաստակամութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքօ` մեկնաբանելով Ուքրանիա զօրքեր ուղարկելու մասին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յայտարարութիւնը:

«Մենք ոչ ոքի խորհուրդ կու տանք փորձարկել` ստուգելու համար մեր երկրի համարժէք եւ կարծր պատասխան տալու պատրաստակամութիւնը», ռուսական «Քփ» կայքին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Կրուշքոն:

Մէկ օր առաջ Մաքրոնի յայտարարութեան անդրադարձած էր նաեւ Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ` շեշտելով, որ եթէ ֆրանսական զօրախումբը Ուքրանիոյ մէջ յայտնուի, անոր «համակարգուած ոչնչացումը» պիտի ըլլայ «ոչ թէ ամէնէն դժուար, այլ չափազանց կարեւոր խնդիրներէն մէկը»:

Մաքրոն փետրուարի վերջաւորութեան Ուքրանիոյ հարցով Փարիզի մէջ գումարուած խորհրդաժողովի աւարտին չէր բացառած արեւմտեան երկիրներու ցամաքային ուժերը Ուքրանիա ուղարկելու կարելիութիւնը:

Ան ըսած էր, որ արեւմտեան երկիրները «մտադիր են ընել այն, ինչ որ անհրաժեշտ է», որպէսզի Ռուսիոյ չարտօնեն տագնապին մէջ գերակայութիւն ձեռք բերել:

Հունգարիոյ Վարչապետը Արեւմուտքի 2-3 Ամիսէն
Ուքրանիա Զօրք Ուղարկել Որոշելը Չի Բացառեր

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը «Ռատիօ Քասութ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին չէ բացառած, որ 2-3 ամիսէն Ուքրանիոյ մէջ արեւմտեան զօրքեր կ՛ըլլան, որովհետեւ տագնապի նախկին զարգացումները ցոյց կու տան, որ սկիզբը անհաւանական թուացող բանը որոշ ժամանակ ետք իրականութիւն կը դառնայ:

«Ամէնէն տագնապալին այն է, որ այն, ինչ որ 2-3 ամիս առաջ անկարելի էր պատկերացնել, 2-3 ամիս ետք կը դառնայ սովորական իրադարձութիւն: Կը յիշեմ, երբ գերմանացիները կ՛ըսէին, որ պատրաստ չեն Ուքրանիա մահաբեր զէնք ուղարկելու եւ որ սպառազինութիւն եւ սաղաւարտներ ուղարկեն… իսկ հիմա կ՛ըսեն, որ Գերմանիան պէտք է Ուքրանիոյ փոխանցէ հրթիռային համակարգեր, որոնք կրնան մինչեւ Մոսկուա կամ, յամենայն դէպս, Ռուսիոյ խորքը հարուածել», ըսած է Օրպան` պատասխանելով հաղորդավարի` Ուքրանիա արեւմտեան զօրքերու հաւանական ուղարկման մասին հարցումին:

Օրպան կրկնած է. «Այն, ինչ որ հիմա անհեթեթ է եւ անկարելի է հաւատալ, 2-3 ամիսէն իրականութիւն կը դառնայ»:

Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին 19 մարտին ըսած էր, որ Ֆրանսան արդէն կը պատրաստուի Ուքրանիա ուղարկելու զօրախումբ մը, որուն թիւը սկզբնական փուլին պիտի ըլլայ 2 հազար մարդ: Անոր համաձայն, ֆրանսացի զինուորները արդէն ոչ պաշտօնապէս ներկայ են Ուքրանիոյ մէջ:

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ատկէ ետք «Էքս»-ի վրայ հրապարակած էր յայտարարութիւն մը` նշելով, որ Նարիշքինի հաղորդած յայտարարութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ:

 

Նախորդը

«Ուքրանիոյ Մէջ Ռուսիոյ Յաղթանակը Ամերիկայի Համար Ռազմավարական Պարտութեան Եւ Չինաստանի Ռազմավարական Յաղթանակին Համազօր Է» Կ՛ըսէ Ամերիկացի Ծովակալ Մը

Յաջորդը

Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Յանդիմանէ Էրտողանը

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.