Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն. «Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին Ներկայացուցած Են Ռաֆահի Մէջ Գործողութեան Հաւանական Այլընտրանքները»

March 22, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին ներկայացուցած են Ռաֆահի մէջ ցամաքային գործողութեան այլընտրանքները, եւ անոնք յաջորդ շաբաթ պիտի քննարկուին Ուաշինկթընի մէջ: Այս մասին Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաք պաշտօնական այցելութեան ընթացքին «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն:

«Մենք ներկայացուցած ենք Ռաֆահի մէջ Իսրայէլի գործողութեան այլընտրանքները», ըսած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով, որ այդ նիւթին շուրջ իսրայէլացիներու հետ քննարկումը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ շաբաթ, Ուաշինկթընի մէջ:

Պլինքըն նաեւ ըսած է, որ իր ներկայ միջինարեւելեան շրջապտոյտի ընթացքին մտադիր է «քննարկել տագնապին աւարտէն ետք Կազայի կառավարման հարցը»:

«Մենք մօտ ենք Կազայի մէջ զինադադարի շուրջ համաձայնութեան հասնելուն», վստահեցուց ան:

Պլինքըն նաեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած է որոշումի նախագիծ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ «Կազայի մէջ գերիներու ազատ արձակման առնչուած անմիջական զինադադար հաստատելու»: Ան յոյս յայտնեց, որ նախագիծը անդամ պետութիւններու զօրակցութեան կ՛արժանանայ:

Պլինքընի կարծիքով` նշեալ նախագիծը «ուժեղ ցուցանիշով ուժեղ պատգամ մը պիտի յղէ»:

«Անշուշտ կը կանգնինք Իսրայէլի եւ ինքզինք պաշտպանելու անոր իրաւունքին կողքին, սակայն միեւնոյն ժամանակ պէտք է կեդրոնանանք քաղաքայիններուն վրայ, որոնք կը վնասուին եւ ահաւոր կերպով կը տառապին, եւ զանոնք մեզի համար առաջնահերթութիւն կը դարձնենք», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը` ընդգծելով քաղաքայինները պաշտպանելու եւ անոնց մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու կարեւորութիւնը:

Պլինքըն 7 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր 6-րդ անգամ ըլլալով շրջան կ՛այցելէ, մինչ Քաթարի մէջ Ուաշինկթընի, Տոհայի եւ Գահիրէի միջնորդութեամբ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու, գերիներու փոխանակում կատարելու եւ Կազա յաւելեալ օժանդակցութիւններ մտցնելու շուրջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը իր միջինարեւելեան շրջապտոյտի ծիրին մէջ երէկ այցելեց Գահիրէ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Պլինքըն Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ քննարկած է Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու համար ընթացող բանակցութիւնները:

Նախարարութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ նշեալ բանակցութիւնները կը ներառեն անմիջական ու առնուազն 6 շաբաթ տեւողութեամբ զինադադար եւ բոլոր իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակում:

Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի հանրապետական անդամներու յղուած տեսաուղերձի մը մէջ յայտնեց, որ Իսրայէլ պիտի շարունակէ Համասը պարտութեան մատնելու իր ջանքը:

Յիշեցնենք, որ Ծերակոյտին մէջ դեմոկրատականներու ղեկավար Չաք Շումը շուրջ մէկ շաբաթ առաջ բուռն կերպով քննադատած էր Նեթանիահուն, զայն որակած խաղաղութեան հաստատման դիմաց խոչընդոտ մը եւ կոչ ուղղած Իսրայէլի մէջ նոր ընտրութիւններ կատարելու:

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց յայտնեց, որ Պաղեստին պէտք է Իսրայէլէն առանձին պետութիւն ունենայ, սակայն առանց զինեալ ուժերու` աւելցնելով, որ ատիկա էական քայլ պիտի ըլլայ դէպի խաղաղութիւն:

Գերմանիոյ վարչապետը նշեց, որ Գերմանիան, Եւրոպական Միութիւնը, Միացեալ Նահանգները եւ բազմաթիւ այլ երկիրներ աշխուժօրէն յառաջ կը մղեն երկու պետութեան գաղափարը, որովհետեւ ատիկա անհրաժեշտ է տագնապը լուծելու համար` աւելցնելով. «Ի հարկէ, բանակցութիւններու միջոցով: Եւ յստակ է, որ խօսքը պետութեան մը մասին է, որ իր սեփական զինեալ ուժերը պիտի չունենայ»:

Շոլցի համաձայն, Պաղեստինեան իշխանութեան մէջ բարեփոխումներու հրատապ անհրաժեշտութիւն կայ, որովհետեւ առնուազն 17 տարիէ ի վեր այս կառոյցին համար ընտրութիւններ չեն կատարուած:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ աշխատանքային ծրագիրներու վերաբերեալ տարեկան հանդիպումի ժամանակ ես շեշտեցի, որ 2024 թուականը պիտի ըլլայ պատերազմի, սակայն նաեւ յաղթանակի տարի:

«Մեր քանակական եւ որակական առաւելութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ է զօրակոչի ենթարկել ժողովուրդի եւ հասարակութեան բոլոր շերտերը, միայն այդ ձեւով կրնանք ապահովել քարոզարշաւին մէջ մեր յաղթանակն ու մեր երկրին մէջ մեր գոյութիւնը», ըսած է Կալանթ:

Նախորդը

Սալիվըն. «Ամերիկեան Վարչակազմը Վստահ Պիտի Կարողանայ Ուքրանիոյ Օգնութեան Մեծ Թղթածրար Տրամադրել»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.