Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բուռն քննադատութեան ենթարկեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը` ներկայիս իսրայէլեան նոր ընտրութիւններ կատարելու գաղափարը քաջալերելուն համար:
Նեթանիահու երէկ իսրայէլեան կառավարութեան նիստի սկիզբը յայտնեց. «Միջազգային ընտանիքին մէջ կայ մէկը, որ կը փորձէ հիմա, նախքան իր բոլոր նպատակները, դադրեցնել պատերազմը, եւ անոնք այդ մէկը կը կատարեն պատերազմի գագաթնակէտին ընտրութիւններ կատարելու ջանքով»:
«Ան, որ ներկայիս իսրայէլեան ընտրութիւններու կոչ կ՛ուղղէ, գիտէ, որ ատիկա երկիրը առնուազն 6 ամիսով պիտի անդամալուծէ», աւելցուց ան, ապա խօսքը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին ուղղելով ըսաւ. «Այսքան շո՞ւտ կորսնցուցիք ձեր բարոյական խիղճը: Պատերազմը դադրեցնելու համար ընտրութիւններ կատարելու ուղղութեամբ կ՛աշխատիք»:
«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը քանի մը օր առաջ հաղորդած էր, որ Պայտընի եւ Նեթանիահուի միջեւ հիմնական տարակարծութիւնը «ինքնին պատերազմի կացութեան շուրջ է», զինուորական ռազմավարութեան, քաղաքական ղեկավարութեան եւ նոյնիսկ զոհերու թիւին:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի դեմոկրատական մեծամասնութեան ղեկավար Չաք Շումըր քանի մը օր առաջ կոչ ուղղած էր Իսրայէլի մէջ նոր ընդհանուր ընտրութիւններ կատարելու` նշելով, որ Նեթանիահուն «մոլորած է, եւ իսրայէլացիները աւելի լաւ ղեկավար մը պիտի ընտրեն, եթէ իրենց առիթ ընծայուի»:
Նեթանիահու նաեւ յայտնեց. «Միջազգային որեւէ չափի ճնշում մեզի պիտի չարգիլէ պատերազմի բոլոր նպատակները իրագործելէ… եւ ատիկա կատարելու համար պիտի գործենք նաեւ Ռաֆահի մէջ»:
«Իսրայէլ քանի մը շաբաթէն մուտք պիտի գործէ Ռաֆահ», յայտարարեց Իսրայէլի վարչապետը` շեշտելով. «Ատիկա տեղի պիտի ունենայ»:
«Իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնը կ՛աջակցի կառավարութեան եւ կը զօրակցի անոր քաղաքականութեան, ներառեալ Ռաֆահ մուտք գործելուն եւ Համասի փաղանգներու մնացորդը ոչնչացնելուն», աւելցուց ան:
«Եթէ պատերազմը հիմա, նախքան անոր բոլոր նպատակներուն իրագործումը դադրեցնենք, կը նշանակէ, թէ Իսրայէլ պատերազմը կորսնցուց, եւ մենք ատիկա պիտի չարտօնենք», ըսաւ Նեթանիահու:
«Միջազգային ընտանիքին մէջ մեր բարեկամներուն կ՛ըսեմ. «Ձեր յիշողութիւնը այդքան տկար է, այսքան շո՞ւտ մոռցաք 7 հոկտեմբերի օրը` Ողջակիզումէն ի վեր հրեաներուն դէմ գործուած յոռեգոյն սպանդը», ըսաւ Իսրայէլի վարչապետը:
«Այսքա՞ն արագ պատրաստ էք Իսրայէլը Համասի հրէշներէն ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքէն զրկելու», աւելցուց ան:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց իսրայէլեան ուժերու կողմէ Կազայի մէջ պաղեստինցի անզէն քաղաքայիններու վրայ յարձակումներու շարունակութիւնը:
Նախարարութիւնը վերահաստատեց իր զգուշացումը Ռաֆահ քաղաքին դէմ որեւէ զինուորական գործողութիւն կատարելու հետեւանքներէն` նշելով, որ հակառակ զգուշացումներուն եւ միջազգային ընտանիքին մերժումին, այդպիսի քայլի դիմելը անմեղ քաղաքայիններու կեանքերուն նկատմամբ անհոգութիւն կ՛արտացոլէ, եւ միջազգային օրէնքի ու միջազգային մարդասիրական օրէնքի հսկայական խախտում կը նկատուի:
Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ հանդիպումէն ետք զգուշացուց. «Քաղաքային բնակչութեան մեծ թիւով զոհերը, որոնցմով յղի է Ռաֆահի մէջ գործողութիւնը, պիտի դժուարացնէ շրջանին մէջ խաղաղութեան հասնիլը»:
«Իսրայէլ բոլոր իրաւունքները ունի պաշտպանուելու, սակայն միեւնոյն ժամանակ պէտք չէ այնպէս ըլլայ, որ Կազայի մէջ գտնուող մարդիկ, որոնք Ռաֆահ փախած են, վտանգուած ըլլան այնտեղ իրականացուող զինուորական գործողութեան պատճառով», աւելցուց Շոլց:
«Երկարատեւ զինադադարը մեզի պիտի արտօնէ կանխարգիլել ցամաքային յարձակումը», ըսաւ Գերմանիոյ վարապետը:
«Արապիա» ձայնասփիւռի կայանը, յղում կատարելով իսրայէլեան լրատուամիջոցներու, հաղորդեց. «Նեթանիահու կը քննարկէ ընդլայնումը բանակցութեան պատուիրակութեան, որ գերիներու փոխանակման հարցով պիտի ուղղուի Քաթար»:
Իսրայէլացի պաշտօնատարներ իրենց կարգին ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին. «Երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող վիհը Իսրայէլի կողմէ ճկունութիւն եւ բանակցող պատուիրակութեան լիազօրութեան ընդլայնում կը պահանջէ»:


