Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին Իսրայէլին կոչ ուղղեց` առանց պաղեստինցի քաղաքայիններուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու ծրագիրի Ռաֆահ քաղաքին վրայ յարձակում չգործելու:
Օսթին Գերմանիոյ մէջ ամերիկեան Ռամշթայն ռազմակայանին մէջ Ուքրանիոյ հարցին շուրջ ժողովէն ետք յայտնեց. «Յստակ ըսինք, որ Կազայի մէջ քաղաքայիններու անվտանգութիւնը պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ»:
«Պէտք չէ զինուորական որեւէ գործողութիւն շարունակուի առանց քաղաքայինները մարտի դաշտէն հեռացնելու եւ հեռացնելէ ետք անոնց հոգատարութիւն ցուցաբերելու յստակ եւ գործադրելի ծրագիրի», աւելցուց Փենթակոնի ղեկավարը:
Ան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց մտավախութիւնը յայտնած են բոլոր մակարդակներուն վրայ գտնուող իսրայէլացի պաշտօնատարներուն` աւելցնելով, որ ինք անձնապէս քանի մը անգամ այդ մտահոգութիւնը յայտնած է իր իսրայէլացի պաշտօնակիցին:
Օսթին ըսաւ, որ մինչ ամերիկեան վարչակազմը կ՛աջակցի Իսրայէլի անվտանգութեան, իսրայէլացի պաշտօնատարներէն կ՛ակնկալէ, որ անոնք պաշտպանեն քաղաքայինները եւ Կազա յաւելեալ մարդասիրական օժանդակութիւններու մուտքը արտօնեն:
Ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած են. «Ուաշինկթըն կը սերտէ Ռաֆահի մէջ սպասուող իսրայէլեան ցամաքային ներխուժման շարք մը ընտրանքներ, զորս պիտի ներկայացնէ իսրայէլեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան, որ հաւանաբար յառաջիկայ շաբաթ այցելէ Ուաշինկթըն»:
Անոնք նշած են, որ Ուաշինկթըն այդ ժողովի գումարումը խնդրած է «Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ մօտալուտ բախումէ մը խուսափիլ փորձելու համար»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Թայմզ աֆ Իզրայէլ»-ին յայտնած է. «Փոխան Ռաֆահ ներխուժման պիտի առաջարկենք Եգիպտոսի եւ Կազայի միջեւ սահմանի ապահովական միջոցառումները բարձրացնել»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն յայտնեց, որ գերիներու ազատ արձակումը արտօնելու համար Կազայի մէջ պատերազմի դադրեցումը անհրաժեշտ է, սակայն աւելցուց, որ մնայուն զինադադարի հաստատման համար պէտք է բազմաթիւ պայմաններ ապահովել:
Քամերոն Թայլանտ այցելութեան ընթացքին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Այն, ինչ որ վճռականօրէն պէտք է կատարենք, այս դադարը մնայուն ու յարատեւ զինադադարի վերածելն է»` աւելցնելով. «Ատիկա պիտի ընենք այն ատեն միայն, երբ մեծաթիւ պայմաններ ապահովուին… պէտք է Համասի ղեկավարութիւնը դուրս բերենք Կազայէն եւ քայքայենք ահաբեկչական ենթակառոյցը»:
Բրիտանական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին «երկու պետութիւններ» սկզբունքով լուծումը կարելի է, սակայն Իսրայէլի անվտանգութիւնը կենսական հարց է:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Նովրուզի առիթով իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ յայտնեց. «Կազայի մէջ պատերազմը պաղեստինցի ժողովուրդին ահաւոր տառապանք պատճառեց»: Ան միաժամանակ շեշտեց, որ «Ուաշինկթըն կը շարունակէ քաղաքայիններուն յաւելեալ մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու միջազգային ջանքերը ղեկավարել»:
Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Կազայի մէջ պատերազմի շարունակման լոյսին տակ Իսրայէլի զէնքի մատակարարման դադրեցումը յայտարարեց:
Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի յայտնեց, որ վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի կառավարութիւնը այսուհետեւ Իսրայէլին զէնք արտածելը պիտի չարտօնէ:
Թել Աւիւ «ցաւ» յայտնեց քանատական որոշումին նկատմամբ` աւելցնելով, որ Կազայի դէմ իր պատերազմը պիտի շարունակէ:
«Հատաս» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր միջին արեւելեան շրջապտոյտի ծիրին մէջ «ուրբաթ օր միայն քանի մը ժամ պիտի այցելէ Իսրայէլ»: