Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:
Երկու նախագահները անդրադարձած են շրջանային հասարակաց շահերուն, ի միջի այլոց նաեւ կովկասեան շրջանին մէջ:
Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները որակելով «զգայուն»` Ռայիսին ընդգծած է շրջանի կայունութիւնը եւ Իրանի զինուորական շահերը պահպանելու Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կամքն ու պատրաստակամութիւնը:


