Արաղչի. «Իրանը Իսրայէլին Պիտի Պատասխանէ Ճիշդ Ժամանակին Եւ Այն Ձեւով, Որ Նպատակայարմար Կը Նկատէ»
Իրան չէ հրաժարած Իսրայէլին պատասխան տալու իր իրաւունքէն: Այս մասին Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարներու եւ աշխատակիցներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի: «Մենք յայտարարած ենք, որ Իսրայէլի վարչակարգի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ վերջին գործողութիւնը նոր յարձակում է: «Ճշմարիտ խոստում 2» գործողութիւնը «Ճշմարիտ խոստում 1»-ին նման պաշտպանական գործողութիւն էր: Սիոնական վարչակարգի նոր յարձակումը արժանի է պատասխանի,...




















