Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անատոլու»-ի Աղբիւրները Կը Հաստատեն, Որ Թուրքիա Մերժած Է Հերցոկի Օդանաւին Իր Օդային Տարածքէն Անցնիլը

November 19, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լաւատեղեակ աղբիւրներ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Իսրայէլեան իշխանութիւնները դիմում ներկայացուցին Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկի օդանաւի թրքական օդային տարածքէն դէպի Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքու անցումին` մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի Կենսոլորտային փոփոխութեան շրջագծային համաձայնութեան կողմերուն ՔՈՓ29-ի խորհրդաժողովին:

Աղբիւրները կը նշեն, թէ թրքական իշխանութիւնները մերժած են իսրայէլեան դիմումը:

Իսրայէլի նախագահի աշխատակազմը կիրակի օր հաղորդած էր, թէ Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ ջնջած է Պաքու այցելութիւնը: Ան պիտի չմասնակցի ՔՈՓ29-ին:

«Այս որոշումը տրուած է` անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Իսրայէլեան աղբիւրներ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած էին, թէ ՔՈՓ29-ին իր մասնակցութիւնը ջնջելու Իսրայէլի նախագահին պատճառներէն մէկը Թուրքիոյ կողմէ անոր օդանաւին իր օդային տարածքէն անցումը մերժելն է:

Ազրպէյճանական աղբիւրներ յայտնած են, թէ Ազրպէյճանի պաշտօնատարները վարկաբեկուած զգացած են, երբ Հերցոկի «ապահովական պատճառներով» այցելութեան ջնջումը յայտարարուած է:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «Քալիպըր» կայքին յայտնած է, թէ Իսրայէլի նախագահին այցելութեան ջնջումը անվտանգութեան առնչուած չէ, այլ որովհետեւ Թուրքիան կը մերժէ անոր օդանաւին իր օդային տարածքէն անցնիլ արտօնել:

«Դժբախտաբար, օրեր տեւած դիւանագիտական բանակցութիւնները արդիւնքի չյանգեցան: Ազրպէյճան խորհրդաժողովին մասնակցող բոլոր կողմերուն ամբողջական պայմաններ կ՛ապահովէ, սակայն Իսրայէլի նախագահին այցելութեան շուրջ կացութիւնը ստեղծուեցաւ մեր պետութեան վերահսկողութենէն դուրս եղող պատճառներով», աւելցուցած է ազրպէյճանցի պաշտօնատարը:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» կը նշէ, որ իսրայէլացի նախարարներ առեւտրական թռիչքներու միջոցով Վրաստանի ճամբով հասած են Պաքու, եւ յստակ չէ, թէ Հերցոկ ինչո՛ւ նոյն ձեւին չէ դիմած, այլ որոշած է Պաքու մեկնիլ «Սիոնի թեւ» օդանաւով, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն կ՛օգտագործէ իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին:

Օրաթերթը նշեց, որ Իսրայէլի մէջ Հերցոկի ճամբորդութեան ջնջումը կ՛արդարացնեն շարք մը պատճառներով, որոնց շարքին` «Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմին պատճառով թռիչքի այլ ուղիներու առնչուած ապահովական խնդիրներով»:

 

Նախորդը

«Գլխաւոր Հարցը Այն Է, Որ Թրամփի Վարչակազմը Իրանին Ու Հիւլէական Հարցին Ինչպէ՛ս Պիտի Վերաբերի» Կ՛ըսէ Իրանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը

Յաջորդը

Իրանն Ու Ռուսիան Կը Քննարկեն Ազրպէյճանի Հետ Սահմանէն Դէպի Արաբական Ծոց Երկաթուղիի Կառուցման Հարցը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.